Եւրոպոխորհուրդի Արտաքին գործոց եւ անվտանգութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինի յայտարարած է, որ Եւրոխորհուրդը կը պատրաստուի Սուրիոյ ճգնաժամին շուրջ նոր համագումարի կազմակերպման:
«Ալ Ժատիտ» լրատուական կայքին փոխանցմամբ, Մոկերինի, որ մեկնած էր Պուլկարիոյ մայրաքաղաք Սոֆիա, մասնակցելու համար Եւրոխորհուրդի անդամ երկիրներու Արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման, յայտնած է. «Մենք կը պատրաստուինք Սուրիոյ ու առհասարակ տարածաշրջանի ապագայ ճալատագրին վերաբերեալ Պրիւքսէլի երկրորդ համագումարի կայացման»:
Մոկերինի շեշտած է, որ Սուրիոյ մէջ մարդասիրական իրավիճակը կը շարունակէ խիստ ծանր մնալ, եւ համագումարի նպատակը պիտի ըլլայ նիւթական միջոցներ ձեռք բերել, Սուրիա բնակող եւ անկէ գաղթած ու Յորդանան, Լիբանան Թուրքիա ապաստանած սուրիացիներուն մարդասիրական օգնութիւններ տրամադրելու նպատակով: