Ամերիկեան «The New York Times» թերթը յօդուած մը հրապարակած է, ուր անդրադարձած է Աֆրինի մէջ տեղի ունեցող բախումներուն:
Յօդուածագիրը դիտել տուած է, որ ԱՄՆ ուժերու աջակցութեամբ «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման դէմ պայքար մղած քրտական ուժերը ներկայիս կը տիրեն սուրիական Աֆրին քաղաքին, մինչդեռ ԱՄՆ տուայտանքներու մէջ է, որովհետեւ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան անտեսած է Թրամբի կոչը՝ Թուրքիոյ եւ ամերիկեան ուժերուն միջեւ բախում առաջացնող գործողութիւններու չդիմելու:
Թերթի միաժամանակ յայտնած է, որ Թուրքիա իր եւ Ամերիկայի յարաբերութիւններու վատթարացման մեղքը Ուաշինկթընի վրայ կը բարդէ, որովհետեւ վերջինս կ'աջակցի Սուրիոյ մէջ պայքար մղող քրտական ուժերուն:
Յօդուածագիրին կարծիքով, միակ երկու անձը, որոնք կրնան վերջ տալ Աֆրինի մէջ տեղի ունեցող պատերազմին Էրտողանն ու Օճալանն են, որոնք պէտք է համաձայնութեան գան եւ Թուրքիոյ ու Սուրիոյ միջեւ հրադադար յայտարարեն: