image

Սուրիոյ քրտական ջոկատները կեցուածք կը փոխեն. Al Diar

Սուրիոյ քրտական ջոկատները կեցուածք կը փոխեն. Al Diar

Վաղը՝ Երեքշաբթի, Ժնեւի մէջ պիտի շարունակուի Սուրիոյ ճգնաժամին լուծումներ գտնելու ուղղութեամբ իրականացուող բանակցութիւնները, ուր սուրիական կառավարութիւնը պիտի ներկայացնէ Պաշշար Ճաաֆարիի գլխաւորած պատուիրակութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ալ Տիար»ը::

Բանակցութիւններուն իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ նաեւ ընդդիմութիւնը, սակայն լուրջ կասկածներ կան, որ Ժնեւի հանդիպումը անյաջողութեան պիտի մատնուի, նկատի ունենալով, որ իսկական բանակցութիւնները Սոչիի մէջ իրականացուող համագումարի ընթացքին տեղի պիտի ունենան:

Կայքը անդրադարձած է տարբեր երկիրներու Սուրիոյ ճգնաժամի նկատմամբ ունեցած կեցուածքին, նշելով, որ Քաթար եւ Սէուտական Արաբիա դուրս եկան սուրիական ճգնաժամի քաոսէն, այն բանէն ետք, երբ գիտակցեցան, թէ իրենց միջամտութիւնն առաւել մեծ վնասներ պիտի պատճառէ իրենց, ինչպէս նաեւ վերջիններս խուսափեցան Ռուսիոյ հետ բախումէ, նկատի ունենալով, որ ան նշուած իրավիճակին մէջ գերագոյն ուժը կը հանդիսանայ այս պահուն: Ինչ կը վերաբերի ԱՄՆ-ին, ան աննախադէպ անհանգիստ վիճակի մատնուած է, որովհետեւ ստիպուած է ուղղակի կամ անուղղակի կերպով ընդունիլ իր պարտութիւնը:

Սուրիոյ հիւսիսային շրջաններուն մէջ գտնուող ԱՄՆ-ի դաշնակիցները՝ Սուրիոյ Դեմոկրատական ուժերը, կանխագուշակելով ապագայ իրավիճակը, հասկցան, որ Ամերիկայի խոստումներուն վրայ յոյս ունենալն այնքան ալ ճիշդ չէ, նշած է թերթի յօդուածագիրը, աւելցնելով, որ վերջիններս որոշեցին միանալ յաղթանակող կողմին, այսինքն՝ Սուրիոյ բանակին:

Քիւրտերը, որոնք թէ' Սուրիոյ, թէ' Իրաքի մէջ հիասթափութիւն ապրելու նախափորձ ունէին, որոշեցին չսպասել այն պահը, երբ ԱՄՆ երես պիտի թեքէ իրենցմէ, եւ հեռանալու նախաքայլը իրենք կատարեցին: