image
Հրատապ լուրեր:

Սուրիոյ Քիւրտերը Ներկայացուցչութիւն ունին Մոսկուայի Մէջ

Սուրիոյ Քիւրտերը Ներկայացուցչութիւն ունին Մոսկուայի Մէջ

PYD, որ կը կառավարէ Սուրիոյ քրտական հողատարածքները, ներկայացուցչութիւն մը բացաւ Մոսկուայի մէջ:

Գրասենեակը կը ներկայացնէ PYD-ի կողմէ Սուրիոյ հիւսիսային շրջաններուն մէջ ինքնավար հռչակուած քրտական երեք շրջանները՝ Քոպանի, Ճէզիրէ եւ Աֆրի:

Գրասենեակը բացուած է նոյն շէնքին մէջ, ուր դեկտեմբեր 2015-ին, HDP-ի համանախագահ Սէլահատտին Տէմիրթաշ բացումը կատարած էր «Քիւրտ գործարարներու միաւորում» կազմակերպութեան:

Բացման արարողութեան մասնակցեցաւ HDP-ցի երեսփոխան Ֆէլէքնազ Ուճան, Ռուսաստանի մօտ PYD-ի ներկայացուցիչ Ապտիւլսէլամ Ալի, ԱՄՆ-ի ու Եւրոպայի մօտ Սուրիոյ քիւրտերու ներկայացուցիչ Սէման Մուհամմէտ, ինչպէս նաեւ Ռուսաստանի Տոնէցքի ու Լուկանսքի շրջաններու ներկայացուցիչները:

Ուշագրաւ է, որ բացման արարողութեան ընթացքին գրասենեակին մէջ ցուցադրուած քարտէսի վրայ Թուրքիոյ արեւելեան նահանգներէն շատերը ներկայացուած էին որպէս քրտական հողատարածքներ: