Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ Ս. Ծննդեան տօնի առթիւ այցելած է մայրաքաղաք Դամասկոսէն քիչ հեռու գտնուող քրիստոնէաբնակ Սէյտնայա աւանը, ուր հանդիպած է տեղի համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ եւ շնորհաւորած Ս. Ծնունդի առթիւ:
Ինչպէս կը հաղորդէ «Sputnik», Սուրիոյ նախագահն ու Առաջին Տիկին Ասմա Ալ Ասատ այցելած են տեղի Ս. Աստուածածին եկեղեցին ու քանի մը ժամ զբօսնած են Սէյտնայայի տարածքին:
