image

«Սուրիոյ Մէջ Թուրքիոյ Դերակատարկութիւնը Լուսաբանելուս Համար Ձերբակալուեցայ» Ճան Տիւնտէր

«Սուրիոյ Մէջ  Թուրքիոյ  Դերակատարկութիւնը  Լուսաբանելուս Համար Ձերբակալուեցայ» Ճան Տիւնտէր

Թուրքիա- (The guardian- Լոնտոն)-   Թրքական   «Ժումհուրիյէթ» թերթի  գլխաւոր խմբագիր  Ճան Տիւնտէր, որ  ամիսէ  մը ի վեր բանտարկուած  է խօսած է բրիտականա «Տը Կարտիեըն»  թերփին:   Ան ըսած է,որ անցնող   Մայիսին ձեռք ձգած է այս Թուրքիայէն Սուրիա զինամթերքով բեռցուած    բեռնատարներու  նկարները   եւ ապա կարեւոր մանրամասնութիւններ հրապարակած իր խմբագրած  թերթին  ու թերթի կայքին վրայ:«Էրտողանը բացայայտուած էր, ան չէր կրնար հերքել պատմութիւնը, որու փոխարէն ան նախընտրեց գրաքննութեան ենթարկել հրատարակութիւնը եւ պատասխանատու նկատել լրագրողը, որ ես եմ» ըսած է Տիւնտար:  Թերթը նաեւ կը գրէ, որ Էրտողան ուղիղ եթերով պետական հեռուստալիքէն յայտնած է, որ «Այս դէպքի մասին գրող անձը ծանր պիտի վճարէ իր արարքին համար, ես թոյլ չեմ տար որ ան մնայ անպատիժ» եւ աւելցուցած, որ ան «պետական գաղտնիք» բացայայտած է, որուն հրապարակումը «լրտեսութիւն է» եւ այնուհետեւ Էրտողան անձնական բողոք ներկայացուցած է դատախազութեան: Բողոքագրի շուրջ Տիւնտար ըսած է, որ Էրտողանի անձնական բողոք ներկայացնելը արդէն կը ճշդէ եւ փաստ է, որ պատահածը կառավարութեան գաղտնիքի բացայայտումը չէր, այլ իր՝ անձնական գաղտնիքի:«Ինծի հանդէպ պահանջուած իր պատիժը եղած է երկու կեանքի արժէք ունեցող մեղադրական նախադասութիւն՝ «հայրենիքի դաւաճանութիւն» եւ «գաղտնի տեղեկութիւններու ձեռք բերում եւ հրապարակում՝ լրտեսութեան նպատակով», որու հիմնան վրայ մեր ձերբակալութեան իրագործումը ցոյց կու տայ, որ հանրապետութեան նախագահի փափաքները քրէական դատարանի դատախազներու կողմէ կը կատարուին» ըսած է Տիւնտար: Նշելով, որ  26 Նոյեմբերին  իր հետ ձերբակալուած է նաեւ «Ժումհուրիյէթ»ի Անգարայի գրասենեակի խմբագիր Էրտէմ Կիւլինը, իր հրապարակած «Այո, բեռնատարները զինամթերք կը կրեն» վերնագրով յօդուածին համար: Տիւնտար, իր ձերբակալութենէն 10 օրեր առաջ ստացած է լրագրողներ առանց սահմանի կազմակերպութեան մրցանակը՝ «Ժումհուրիյէթ»ի անունով:Ներքին եւ միջազգային մամուլի եւ իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններու կողմէ ձերբակալութեան դէպքին  քննադատութիւններուն որպէս հետեւութիւն,  Թուրքիոյ արդարութեան նախարարը յայտարարած է, թէ «իւրաքանչիւր երկիր զգոյշ է իր անվտանգութեան հանդէպ», մէջբերելով Ժիւլիէն Ասանժի եւ Էտուարտ Սնոուտընի  պարագաները, որուն  Անգարայի  մօտ Ամերիկայի դեսպանը արձագանքած է« Մենք կը հետապնդենք տեղեկութիւններ թաքցնողները եւ ոչ թէ զայն հրապարակողները»: Այս մէկը այլ հարուած մըն էր Էրտողանի ճնշող ռէժիմին, որու ն դիրքերը նուազած են մամլոյ ազատութեան վարկանիշի աղիւսակին վրայ:Տիւնտար կը նշէ, որ դէպքի պատճառով իր մէջ վերաճեցան ժամանակ առ ժամանակ կրկնուող հարցեր, թէ՝ ինչո՞ւ պետութիւն մը իր անվտանգութեան ապահովութեան համար հարկ պիտի զգայ հակադրուիլ հասարակութեան տեղեկութիւն ստանալու իրաւունքին, թէ՝ ինչպէ՞ս կառավարութեան կողմէ լրատուամջոցները լռեցնելու պատրուակ կրնայ ըլլալ անվտանգութեան հաստատաումը, թէ՝ ե՞րբ վարչակազմի վայրագ եւ կեղտոտ գործարքները թաքցնելը դարձած է ներքին «պետական գաղտնիք», թէ՝ ի՞նչ է լրագրողի մը պարտականութիւնը, եթէ ոչ նման երեւոյթներու վերացումը, թէ՝ ո՞վ կը կ'որոշէ, թէ որո՞նք են հասարակութեան շահերը պաշտպանելու լաւագոյն ձեւերը:Որպէս «դաւաճանութեան» մեղադրաքով Պոլսոյ բանտի մենաստանին մէջ բանտարկուած լրագրող, Տիւնտէր փորձելով այս հարցերուն պատասխաններ տալ, հասած է այն եզրակացութեան, թէ « ոչ մէկ «պետական գաղտնիք»ի պիտակ, կամ ոչ մէկ «պետական անվտանգութեան» հիմնաւորում թոյլ կու տայ պետական յանցագործութեան» եւ կը փորձէ իր դիրքը պաշտպանել Ուինսթըն Շըրչըլի այս խօսքերով՝  «Պաշտօնական գաղտնիքի աքթը մշակուած է պաշտպանելու ազգային դիմադրողականութիւնը... եւ արտօնուած չէ զայն օգտագործել որպէս վահան նախարարներու, որոնք ճշմարտութիւնը թաքցնելու զօրաւոր անձնական շահագրգռուածութիւն ունին»: