Սուրիոյ խորհրդարանական ընտրութիւնները պիտի կայացուին յառաջիկայ չորեքշաբթի օր: «Արեւելք» այս մասին տեղեկութիւն ստացաւ Հալէպի իր աղբիւրէն: Մեր աղբիւրը նաեւ հաղորդեց, որ մասնաւորապէս Հալէպի եւ Դամասկոսի մէջ եւս տեղի հայութիւնը կը պատրաստուի իր մասնակցութիւնը բերել ընտրութիւններուն: Նշենք, որ Հալէպի մէջ ներկայ պահու դրութեամբ կան 3 հայ թեկնածուներ, ինչպէս նաեւ Դամասկոսի մէջ ընտրութիւններուն իրենց թեկնածուութիւնը դրած են 3 հայեր: Մեր ունեցած տեղեկութիւններով, Հալէպի պարագային հայութեան ուշադրութիւնը կեդրոնացած պիտի ըլլայ Բերիոյ Թեմի ազգային առաջնորդրանի խօսնակ Ժիրայր Ռէիսեանի անուան վրայ, որ ընտրութեանց կը ներկայանայ որպէս միասնական թեկնածու: Տեղին է յիշեցնել, որ անցնող օրերուն Հալէպի մէչջ իրենց թեկնածուութիւնը դրած 6 ազգայիններ իրենց թեկանծուութիւնը քաշած էին Ժիրայր Ռէիսեանի օգտին: