image
Հրատապ լուրեր:

Սուրիոյ բանակի սպայ ՝ Շատի Իսայի ողբերգական ճակատագիրը.Daily Mail

Սուրիոյ բանակի սպայ ՝ Շատի  Իսայի   ողբերգական   ճակատագիրը.Daily Mail

 «Իսլամական պետութիւն կոչուած    ահաբեկչական    կազմակերպութիւնը  բացայայտած է գերիներ սպաննելու շատ սարսափելի իր ձեւերէն մէկը, ցոյց տալով, թէ ինչպէս գերիին գլուխը  լարուած   «ռումբի կը վերածէ»   եւ ապա   կը պայթեցնէ:

Այս մասին հաղորդող բրիտանական «Տէյլի Մէյլ»ը նշած է, որ նշեալ յանցագործութիւնը տեղի ունեցած է Դամասկոսի հարաւը գտնուող Եարմուք գաղթակայանին մէջ:   Աղբիւրը    նաեւ կը գրէ, որ   ահաբեկիչները գերեվարուած  զինուորը    կապած են  փայտեայ սալիկի վրայ, գլխուն  դնելով պայթուցիկներով լեցուած զինուորական սաղաւարտ:

Այնուհետեւ «Տահէշ»  կապուած վիճակի մէջ   գտնուող    զինուորը շէնքի բարձրութենէն վար  նետելով        զազրելի ոճով մը  սպաննած է զինուորը: Կը նշուի, որ  սպաննուած  զինուորականը     սպայի  աստիճան  ունէր  եւ կը կոչուէր Շատի Իսսա: