image
Հրատապ լուրեր:

Սուրիան Առանց Հայու Եւ Քրիստոնեայի Կը Նմանի Անհոգի Մարմնի. Ալ-Շահապի

Սուրիան Առանց Հայու Եւ Քրիստոնեայի Կը Նմանի Անհոգի Մարմնի. Ալ-Շահապի

Սուրիոյ եւ Հալէպի արդիւնաբերութեան պալատի նախագահ երկրաչափ Ֆարէս ալ-Շահապի դիմատետրի իր անձնական էջին վրայ թողարկած գրառման մէջ նշած է, որ 2011 թ.ին Հալէպ կը գտնուէին աւելի քան 350,000 քրիստոնեայ եւ հայ հալէպցիներ, սակայն այսօր անոնցմէ միայն տասը առ հարիւրը մնացած են: Ալ-Շահապիի կարծիքով պատճառը տարահանելու կանխամտածուած նպատակն է, որու իրագործման համար զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներու կողմէ զանազան հրթիռներ կ'արձակուին Հալէպի քրիստոնէաբնակ շրջաններուն եւ թաղամասերուն վրայ:  Ալ-Շահապի գրած է. «Հարցումը այն է, թէ մենք ի՞նչ կ'ընենք, քաջալերելու համար, որ այդ մեկնողներուն կէսը գոնէ մօտ ապագային վերադառնար Հալէպ: Սուրիան առանց հայու եւ քրիստոնեայի կը նմանի մարմնի մը, որ հոգի չունի»: