30 յունիսի երեկոյան լիբանանեան բանակի յատուկ ստորաբաժանումներ նախայարձակ գործողութիւն մը կը կատարէին Արսէլ աւանի սուրիական գաղթականներուն ուղղութեամբ: Գործողութեան արդիւնքով կը ձերբակալուին 300-է աւելի սուրիացիներ, որոնց կարեւոր մէկ տոկոսը կը մեղադրուէր «Իսլամական պետութիւն» եւ «Ալ Նուսրա ճակատ»ի անդամկութեան մէջ:
Գործողութիւնէն ժամեր անց լրատուական ծառայութիւններ աւելի մանրամսն տեղեկութիւններ կը փոխանցէին դէպքին շուրջ նշելով նաեւ, որ բանակը այդ գործողութեամբ կը յաջողէր ահաբեկիչներու կարգ մը վտանգաւոր ծրագիրները: Բանակի գործողութեան հետեւանքով կը սպաննուէր «Ալ Նուր» գաղթակայանին մէջ ապրող սուրիացի երեխայ մը, իսկ հինգ ահաբեկիչ զինեալներ իրենց կրած ուժանակներով անձնասպանական գործողութիւններ կը կատարէին:
Բանակը կորուստներ չէր ունենար, ու ամենակարեւորը նման գործողութեամբ ահաբեկչութեան դէմ անդուլ պայքար մղող այդ կառոյցը կը յաջողէր կանխել աղէտալի գործողութիւններ: Արսէլի մասին առաջին անգամը չէ, որ կը գրուի: Լիբանանեան եւ շրջանային ԶԼՄ-ներու փոխանցմամբ Լիբանան- Սուրիա սահմանային հատուածին մերձ եղող այդ լեռնային շրջանը ցայսօր ալ կը շարունակէ համարուիլ Սուրիոյ պատերազմին մասնակից երկու գլխաւոր ահաբեկչկան խմբաւորումներուն ՝ «Իսլամական պետութիւն» կոչուած կազմակերպութեան, ինչպէս նաեւ «Ալ Նուսրա»ի գլխաւոր «կեդրոնատեղին»: Կեդրոնատեղի բառը չակերտի մէջ առնելուս պատճառն այն է, որ ահաբեկիչներ կեդրոններ չունին Արսէլի մէջ, այլ անոնք կը գտնուին աւանի լեռնային հատուածներուն վրայ,որոնք շրջանի աշխարահագրական դիրքին պատճառով կը հանդիսանան անվերահսկելի մնացած գօտիներ: Ու զինեալները օգտուելով շրջանի պայմաններէն եւ անվերահսկելիութիւնէն «հանգիստ» ձեւով ելք ու մուտք ընելով առնուազն վերջին երեք տարիներուն յաջողած են այդ շրջանները վերածել ահաբեկչական գործունէութեան «հնոց»ներու:
Լիբանանեան բանակին համար այդ թաքստոցները հարուածելու խնդիրը նոր օրակարգ մը չէ: Ու գաղտնիք ալ չէ, որ այդ որոշումը մինչեւ այս պահը չի գտնուիր Լիբանանի քաղաքական ղեկավարութեան մօտ: Սակայն վերջին ամիսներուն հերթական դարձած սպառնալիքները եւ յատկապէս մայրաքաղաք Պէյրութը թիրախ դարձնելու մասին ահաբեկիչներուն կողմէ լսելի դարձած սպառնալիքները հարցը տարած են այլ հարթութիւն: Ու այս տուեալները հաշուի առնելէ ետք է, որ բանակը որոշեց եւ գործադրեց նախայարձակ գործողութիւններու շարան մը, որոնց վերջինը բայց ոչ վերջնագոյնը ՝ Արսէլ 30 յունիսի գործողութիւնն է:
Հազարաւոր ուղեւորներու «բոյն» համարուող Պէյրութի «Ռաֆիք Հարիր»ի անուան միջազգային օդակայանը կը հանդիսանայ միջին արեւելքի օդային ճանապարհները իրար ագուցող կարեւոր կէտ մը: Լիբանանի ապահովական մարմիններու յատուկ ուշադրութեան կեդրոն հանդիսացող այս օդակայանը Սուրիոյ պատերազմի շղթայազերծումէն ի վեր դարձաւ նաեւ Սուրիան արտաքին աշխարհին կապող հիմնական ճանապարհներէն մին: Հոնկէ է նաեւ, որ ցամաքային ճանապարհներով Սուրիոյ մեծագոյն քաղաքներէն ՝ Դամասկոսէն եւ Հալէպէն Պէյրութ հասնող հազարաւոր սուրիացիներ կը ճամբորդէին դէպի մօտ ու հեռու ափեր: Ստեղծուած այս դրութեան մէջ լիբանանեան ԶԼՄ-ներ տարբեր առիթներով տեղեկութիւններ կը փոխանցէին այն մասին, որ Պէյրութի օդակայանը կը հանդիսանայ ահաբեկչական խմբաւորումներու ամէնէն «սիրելի» թիրախներէն մին: Այս սպառնալիքներուն մասին կարեւոր տեղեկութիւններ կը հրապարկէր լիբանանեան «Ալ Ժումհուրիյա» պարբերականը, որ Արսէլի հակաահաբեկչկան գործողութիւնէն ժամ անց օդակայանի «հաւանական» թիրախ ըլլալուն մասին կարեւոր տուեալներ լոյսին կու տար: Ըստ թերթին ահաբեկիչները մտադիր էին օդանաւերու իջման վայրին մէջ հրդեհ առաջացնել ու այդ հրդեհներու ծուխին ապաւինելով քաոսային վիճակ մը ստեղծել օդակայանին մէջ: Հրդեհներու ծուխը պատճառ պիտի հանդիսանար, որ օդակայան վայրէջք կատարող օդանաւները չկարողանալով բնական վայրէջք կատարել: Նոյնը պիտի ըլլար Պէյրութէն թռչող օդանաւերուն համար: Ու այս բոլորը պիտի տեւէին երկու ժամ: Այդ երկու ժամուան ընթացքին էր նաեւ, որ օդակայանի սրահը թռիչքներու յետաձգման պատճառով հաւաքուած ուղեւորներուն թիւը պիտի բազմապատկուէր: Ու ահաբեկիչ զինեալները իրենց սենարը գործադրելով մուտք պիտի գործէին սպասման սրահ ու իրենք զիրենք պայթեցնելով ահաբեկչական մեծ գործողութիւն մը կատարէին:
Action ֆիլմերը յիշեցնող այս դիպաշարը կրնար իրականութեան վերածուիլ, եթէ երկրի ապահովական մարմինները աբալուրջ կերպով հետեւած ու ապա նախայարձակ քայլեր կատարած չըլլային: Այս առումով ու հակառակ անոր, որ Պէյրութը փրկուեցաւ ծանրագոյն ահաբեկչութիւնէ մը, սակայն ոչ ոք կրնայ հովանաւորել, թէ վաղը ինչ կրնայ կատարուիլ երկրի մը մէջ, ւոր ինչպէս երէկ այսօր ալ կը շարունակէ հանդիսանալ Միջին Արեւելեան «մեծ խաղերու» կամ նոյնիսկ խաղացողներու միջեւ տեղի ունեցող «փոխանակութիւններ»ու կարեւորագոյն գետիններէն մին:
Այստեղ հարկ է նշել, որ Պէյրութի օդակայանէն բացի ահաբեկիչներուն համար կարեւոր թիրախ կը համարուի «Հիզպոլլահ»ի հիմնական կեդրոնատեղի հանդիսացող Պէյրութի արեւմտեան արուարձանը յայտնի ՝ «Տահիէ» կամ «Տահիյէ ալ ճանուպիյէ» անունով: Լրատուական դաշտին մէջ այդ շրջանին մասին շատ տեղեկութիւններ չկան, սակայն յստակ է, որ Սուրիոյ պատերազմին մասնակից եւ Սիւննի աշխարհի ռատիքալ ուժերուն համար «Հըզպուլլահ»ն ու անոր ենթակայութեան տակ եղող բոլոր կեդրոնները կը համարուին կարեւոր թիրախներ: Ու յիշեցնելու կարգով պէտք է նշել, որ նոյն այդ շրջանին մէջ տեղի ունեցած են տասնեակ ահաբեկչական գործողութիւններ, որոնց զոհ գացած են մեծ թիւով անմեղ ու անզէն (մեծաւ մասամբ ՝ շիիթ) լիբանանցի քաղաքացիներ:
Սուրիացի փախստականներն ու զինեալ խմբաւորումները
Արսէլի լեռնային հատուածներուն մէջ «տեղակայուած» զինեալներու գլխաւոր խնդիրը «Հիզպոլլլահ»ին ծանր հարուածներ տալն է: Այդ ատելութեան հիմնական շարժառիթը լիբանանեան շիիթ այդ կուսակցութեան Սուրիոյ պատերազմին մասնակցութեան եւ սուրիոյ նախագահ Պէշշար Էսատին ամբողջական զօրակցութիւն ցոյց տալու խնդիրն է:
Անշուշտ գոյութիւն ունի սուրիացի մեծաթիւ փախստականներու հարցը, որ տարբեր առիթներով կը շահարկուի Սուրիոյ ընդդիմադիր կարգ մը շրջանակներու կողմէ: Ու այս բոլորին մէջ կայ լիբանանեան բանակի ահաբեկչական խմբաւորումներու դէմ պայքարելու որոշումը, որուն հետեւանքով է նաեւ, որ բանակը տարբեր առիթներով թիրախ կը դառնայ «Արսէլ» աւանի ահաբեկիչներուն:
Խորքին մէջ խնդիրը միայն քաղաքական խորք ունեցող խնդիր մը չէ, որովհետեւ այսօր Սուրիոյ մէջ պայքար մղող եւ ինքնորոշման շրջաններ ունեցող ընդդիմադիր շրջանակաները «միագլխանի» չեն: Այսինքն անոնք ունին բազում հովանաւորներ ու այդ միջավայրին մէջ է նաեւ, որ Լիբանանի կառավարական շրջանակներուն համար այդ ընդդիմադիրներուն կամ նոյնիսկ գաղթականներուն հետ լեզու գտնելու հարցը կը դառնայ անկարելիութիւն:
Լիբանան ապրող շուրջ երկու միլիոն փախստականները վերահսկելը նոյնպէս դարձած է անկարելի, որովհետեւ այդ փախստականներու կարեւոր մէկ մասը տարբեր ՝ արենակցական, ազգականական եւ նոյնիսկ տեղայնական հանագամանքներով այս կամ այն կերպ կապ մ'ունին «Իսլամական պետութեան» կամ նոյնիսկ «Ալ Նուսրա» ճակատին հետ:
Ու այս տեսարանին մէջ լիբանանեան բանակը կը շարունակէ հանդիսանալ ահաբեկիչներու հիմնական թիրախ, պարզ անոր համար, որ «Հիզպոլլահ» կը շարունակէ պատերազմիլ Սուրիոյ մէջ եւ այդ հանգամանքին կողքին կը շարունակէ խիստ ապահովական միջոցներ գործի դնելվ ապահով պահել իր «ուրոյն» շրջանները:
Թէ ինչքանով կրնայ երկարաձգուիլ այս իրավիճակը դեռ պհարզ չէ, սակայն սկսած է յստակ դառնալ, որ Լիբանանի կառավարութիւնը սկսած է լրջօրէն մտածել «Արսէլ»ի գաղթականները ետ իրենց երկիրը ուղղարկելու հնարաւորութիւններուն մասին:
Այդ կ'ըլլայ դէպի ընդդիմադիր շրջաններ, կամ իշխանութեան տակ եղող գօտիներ ցարդ պարզ չէ, սակայն յստակ է, որ Լիբանանի համար «լարուած ուժանակ»ի ազդեցութիւն ունեցող այդ գերագոյն հարցը ՝ Սուրիացի փախստականներու հարցը սկսած է բաւական լուրջ ահազանգ դառնալ երկրի մը համար, ուր ներ- համայնքային բախումներու տասնեակ վտանգներ կան:
Սագօ Արեան