Երբեւէ չէր պատկերացներ ինքզինք գտնել ընտանիքի պարտաւորութիւնները ստանձնելու գործին մէջ. վարձու տուն փնտռել, կահոյք տեղափոխել, աշխատաւորներու հետ բանակցիլ եւ այլ աշխատանքներ, որոնցմով սովորաբար իր ամուսինը կը զբաղէր: Սամիրա Շէյխը 4 տարիներ առաջ իր ամուսնուն հետ փախուստ տուած էր Դամասկոսի արուարձան Տումայի «դժոխքէն» եւ հոն տիրող պատերազմէն, այնուհետեւ տարբեր շրջաններ ու տուներ թափառելէ ետք՝ տարիներու ընթացքին անոնց նիւթական վիճակը շատ բարդացած էր: Երկար յուսահատութենէ ետք, ամուսինը որոշած էր օգտուիլ դէպի Եւրոպա սկիզբ առած գաղթի հոսքէն, իր ընտանիքին աւելի լաւ կեանք ապահովելու յոյսով, մանաւանդ, որ Տումա վերադառնալու իրենց երազը սկսած էր անհետանալ, այնտեղ շարունակուող մարտերու պատճառով:

Սամիրան խօսելով Huffington Post-ին, ըսած է, որ նկատի ունենալով Տումայի պահպանողաան բնոյթը, ինք երբեք նախաձեռնելու ոգի չէր ունեցած եւ վարժ չէր եղած տղամարդոց հետ խառնուելու, տունէն դուրս գալու, մանաւանդ, որ կանուխ ամուսնացած էր եւ վաղ հասակէն սկսած էր տան գործերով զբաղուիլ : Ան կ'ըսէ, որ իր նախկին վարած ապրելակերպը շատ ծանր դարձուց իր վրայ դրուած այսօրուան բեռը, որովհետեւ վարժ չէր այդ բոլորին: Սամիրան յուսահատութիւն կ'ապրի յատկապէս այն բանէն, որ իր ամուսնուն գաղթի ժամկէտը յայտնի չէ եւ անոր ճամբորդութիւնէն մօտ մէկ տարի անցած էր եւ ոչ մէկ առաջընթաց չէր արձանագրած այնտեղ: Սամիրա նաեւ մտավախութիւններ ունի գաղթի որոշման ճիշդ ըլլալուն շուրջ, տարակուսանք կ'ապրի եւ վստահ չէ, թէ իրենք ինչքանով պիտի կարենան Եւրոպա ապրիլ եւ այնտեղ «ճիշդ» դաստիարակել իրենց զաւակները:
Ընտանիքներ առանց տղամարդոց
Սամիրայի խնդիրը նման է բազմաթիւ սուրիացի կանանց խնդիրներուն, որոնցմէ շատերուն ամուսինները որոշած են Եւրոպա ճամբորդելու արկածախնդրութեան դիմել, երբեմն նոյնիսկ իրենց կանանց թողնելով առանց որեւէ նիւթական աղբիւրի:
Մունա Ալ-Հարիրին կը պատմէ, որ իր ամուսինը ճամբորդական ծախսերը ապահովելու համար վաճառած էր ինքնաշարժը եւ իր մօտ թողած՝ գումարի մէկ մասը, հոգալու համար տան ծախսերը, մինչեւ որ կարենար ընտանիքը իր մօտ՝ Եւրոպա բերել: Սակայն, ինչպէս կը պատմէ Մունան, այդ գումարը սկսած էր հատնիլ եւ ինք ոչ մէկ այլ եկամուտի աղբիւր կամ մասնագիտութիւն մը չունէր: Մունան կը մեղադրէ իր շրջապատն ու ընկերութիւնը, որ աւելի շատ կը կեդրոնանան զիրենք շուտ պսակելու վրայ, քան զանոնք կրթութեամբ կամ աշխատանքով ապահովելը: «Ահա ես այսօր ստիպուած եմ աշխատիլ, սակայն ոչ մէկ կերպ կրնամ բարելաւել իմ կեանքս, մանաւանդ որ Սուրիոյ տնտեսական վիճակը շատ ահաւոր է»,- կ'ըսէ Մունան, աւելցնելով, որ իր բոլոր քոյրերը նոյն հարցով կը տառապին, անոնց եղաբայրներն ու ամուսինները բոլորն ալ ճամբորդած են, աւելի լաւ կեանք ապահովելու ձգտումով, կամ բանակի ծառայութենէն ազատելու միտումով:

Փոքր ձեռնարկութիւններ
Նաժաթ Հուսայնիի պարագան քիչ մը տարբեր էր: Ան իր համար ուրիշներէն աւելի լաւ կեանք մը կրցած էր ապահովել: Նաժաթ հրաժարած էր օգնութիւններ սպասելէ եւ օժանդակութիւններ ակնկալելէ եւ որոշած էր հիմնել իր փոքր ձեռնարկութիւնը, անոր միջոցաւ ապահովելու համար իր ապրուստը: Հակառակ անոր սահմանափակ եկամուտին, Նաժաթ կ'ըսէ, որ իր փորձի յաջողութիւնը մղած էր զինք լրջօրէն մտածել նոյն փորձառութիւը կրկնել նաեւ Գերմանիոյ մէջ, երբ հասնի հոն: Նաժաթի օրը կը սկսի առաւօտեան ժամը 6-էն եւ անոր գործը կը սահմանուի տնական ուտեստեղէնի պատրաստութեամբ եւ վաճառքով: Ան իր գործը զարգացուցած էր՝ օգտագործելով դիմատետրի եւ այլ ընկերային ցանցերու միջոցները:
Ամուսիններու վերադարձի երազը:
Հակառակ անոր, որ շատ մը սուրիացի կանայք կ'երազեն միանալ Եւրոպական քաղաքներ գտնուող իրենց ամուսիններուն, անոնցմէ ոմանք ալ ի սկզբանէ դէմ են ճամբորդութեան գաղափարին եւ փոխանակ Եւրոպա երթալ, կը փափաքին, որ իրենց ամուսինները վերադառնան
Ռաճաա Իտը արաբական The Huffington Post- ին կ'ըսէ. «Ես ամուսինիս չէի խրախուսէր ճամբորդել, եւ շատ տխրեցայ, երբ ան վաճառեց իր գրասենեակը եւ այդ գումարով ճամբորդեց», աւելցնելով, որ «Եւրոպա ճամբորդութիւնը անորոշութիւն է եւ մենք տեղահանման կամ անգործութեան չենթարկուեցանք ուրիշներու նման, եւ տակաւին կրնայինք մեր գործերը կառավարել»: Ռաճաա կը ցաւի, երբ կը մտաբերէ, թէ պիտի թողէ իր աշխատանքը, տունը, երկիրը եւ օտար երկիր ճամբորդ: Սուրիացի կինը կը փափաքի, որ իր ամուսինը Սուրիա վերադառնայ: