Իսրայէլի Պաշտպանութեան բանակի կայքէջը խումբ մը սուրիացի ցանցահէններու թիրախ դարձած է: Այս մասին կը հաղորդէ «Ալ Տիար» լրատուական կայքը:
«Թարթուսի գայլ» եւ «Մղձաւանջ» անուններով յայտնի ցանցահէնները յայտարարած են, որ գործողութիւնն իրականացուցած են ալժիրցի ցանցահէններու հետ համագործակցաբար:
Վերջիններս Իսրայէլի Պաշտպանութեան բանակի պաշտօնական կայքէջին տեղադրած են Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի լուսանկարը, հետեւեալ մակագրութեամբ. «Դադրեցէ'ք «Իսլամական Պետութիւն» խմբաւորումը հովանաւորելէ, այլապէս գալիքն աւելի դաժան պիտի ըլլայ»:
Իրենց պաշտօնական էջին տեղադրած գրառման մէջ ցանցահէնները շեշտած են, որ տեղի ունեցած գրոհը վերջինը պիտի չըլլայ, եւ յառաջիկային իրականացուելիք յարձակումներն աւելի լայն մակարդակով պիտի կատարուին:
