Յորդանանի մէջ իրականացուած պաշտօնական մարդահամարի արդիւնքները ցոյց տուած են, որ Յորդանան ապաստանած անչափահաս սուրիացի աղջիկներու ամուսնութիւններու թիւը զգալիօրէն աճած է, 2017 թուականի առաջին կիսուն գրանցելով 1059 դէպք: Այս մասին կը հաղորդէ «Սփութնիք» լրատուական գործակալութիւնը:
Արձանագրուած տուեալներուն համաձայն, նոյն ժամանակաշրջանի ընթացքին անչափահաս տղաներու ամուսնութեան 44 դէպք գրանցուած է:
Նշուած է նաեւ, որ 2012 թուականի համեմատութեամբ անչափահաս աղջիկներու ամուսնութեան դէպքերը կտրուկ աճած են: Այսպէս՝ 2017 թուականին սուրիացի փախստականներու մօտ գրանցուած ամուսնութիւններու 35 տոկոսը անչափահաս աղջիկներ են, մինչդեռ 2012 թուականին այն 18 տոկոս էր:
2017 թուականի առաջին կիսուն անչափահաս սուրիացի աղջիկներու ամուսնութեան դէպքերու զգալի մասը՝ 2310 դէպք, սուրիացիներու հետ կնքուած ամուսնութիւններն են, այնուհետեւ 31 դէպք սէուտցի տղաներու հետ, իսկ երրորդ տեղը կը գրաւեն պաղեստինցի փեսաներու հետ գրանցուած ամուսնութեան դէպքերը՝ 23 դէպք: