Սուրիոյ մէջ հաշտութեան ռուսական կեդրոնը յայտնած է, որ ռուսական ռազմական ոստիկանութիւնը «Ռասթան» եւ «Թալպիսէ» քաղաքներուն մէջ հսկիչ կէտեր հիմնած են, հետեւելու համար վերադարձող գաղթականներուն եւ կանխելու բախումները:
«Ալ Ժատիտ» լրատուական կայքին փոխանցմամբ, կեդրոնի հրապարակած յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ ռուս ռազմագէտներու ձեռամբ վարժեցուած սուրիացի մասնագէտներ կը շարունակեն Արեւելեան Ղութայի ականազերծման աշխատանքները: