Այսօր Երեւանի մէջ գտնուող «Թէքէեան» կեդրոնին մէջ սկիզբ առաւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան 27-րդ Պատգամաւորական ժողովը: Նշենք, որ ժողովին կը մասնակցին Յունաստանէն, Երուսաղէմէն, Մեծն Բրիտանիայէն, Միացեալ Նահանգներէն, Գանատայէն, Սուրիայէն, Ֆրանսայէն, Պէլճիքայէն, Եգիպտոսէն, Իրաքէն, Աւստրալիայէն, Յորդանանէն եւ Արցախէն այս առթիւ Երեւան ժամանած պատգամաւորներ: Ժողովի բացմանը ուղերձով մը հանդէս եկած է ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Մայք Խառապեան: Ժողովին ներկայ եղած է ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, որ ընթերցած է այս առթիւ ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի յղուած ուղերձը: Նշենք, որ երկու օրերու վրայ երկարող Պատգամաւորական ժողովի աւարտին պիտի ընտրուի ՌԱԿ-ի նոր Կեդրոնական Վարչութիւն: