«Al Modon» լրատուական կայքին մէջ տեղ գտած է լուր մը, ըստ որուն շուէտական օդուժի «Gulfstream IVSP» օդանաւը, որ հետախուզական նպատակներու կը ծառայէ, միացած է Միջերկրական ծովու արեւելեան ափին տեղի ունեցող հետախուզական գործողութիւններուն:
«Aviationist» կայքին փոխանցմամբ, նշուած օդանաւը Պալթեան ծովու տարածքին պարբերաբար երկրադիտութեան գործողութիւն կ'իրականացնէ, եւ օժտուած է շատ բարձր ու հեռու ճախրելու ունակութեամբ:
Կայքը շուէտական օդանաւի Սուրիոյ սահմաններէն ներս ճախրելու պատճառներուն անդրադառնալով, որպէս տարբերակ նշած է այդ հողերուն վրայ տարածուած ռուսական ռազմակայաններու գործունէութեան հետեւիլը:
Հաւանական է նաեւ, որ շուէտական օդանաւը կը հետեւի ռուսական այն նաւերու տեղաշարժին, որոնք աւելի ուշ կրնան միանալ Պալթեան նաւատորմին: