Հրապարակումը ՝ Hetq.am կայքէն:
«…Շատ-շատ հպարտ եւ քաջալերուած պետք է ըլլանք, որ այսօր մեր ժողովուրդը ... յառաջապահի դեր ստացած է: Մեծ բան է: Նաեւ շատ մեծ բան է, որ մեր ժողովուրդը զօրաշարժուեցաւ, լճացման սովորութիւնները կտրեցին եւ սորվեցան ինչպէս ժողովրդական եւ զանգուածայնօրէն իրենց ճակատագիրը առնել իրենց իսկ ձեռքերուն մէջ: Մեր ժողովուրդը սկսած է նոր ընթացք մը, նոր ընթացք մը` որ ամէն մարզերու մէջ կրնայ իր շատ դրական եւ շինիչ հետեւանքները ունենալ: Ճիշդ է, որ ներկայիս … հարցը պատի դիմաց է, բայց այս վիճակը ժամանակաւոր է: Եթէ մեր ժողովուրդը շարունակէ քաղաքականապէս հասուննալ եւ աշխուժանալ, եթէ ընկերվարական եւ միջազգայնական սկզբունքները ա՛լ աւելի առաջ տանին, եւ եթէ շարունակեն զանգուածային ժողովրդավարութեամբ իրենց որոշումները առնել թէ՛ ապագային Արցախի հարցը պիտի լուծուի, թէ՛ մեր հայրենիքի եւ ժողովուրդի կեանքը պիտի նոր «տինամիզմ» մը ստանայ, որ ամէն տեսակետով մեծ օգուտ պիտի ըլլայ բոլորիս: ….Անձնապէս ես ուրախ եմ եւ հոն տեղի մեր հայրենակիցներուն կ’ողջունեմ իրենց յառաջապահ գործունէութեան համար»։
Մոնթէ Մելքոնեան, Նամակ Սեդային, 19.8.88
Այս նամակի գրութեան ժամանակ ես ժողովուրդին մէջ էի։ Այս օրերուն, բազմաթիւ հայ հայրենասէրներու պէս, համակարգիչիս սեւեռած կը հետեւիմ Հայաստանի իրադարձութիւններուն։ Նախ պէտք է շեշտեմ, որ չափազանց հպարտ եմ մեր երիտասարդութեամբ եւ ուսանողութեամբ։ Անհամբեր կը սպասեմ այդ օրուան, երբ այս սերունդի շարքերէն պիտի բարձրանան այն կիներն ու տղամարդիկ, ովքեր պիտի առաջնորդեն այս յառաջապահ ոյժը դէպի յստակ քաղաքական ուղի։ Ընելիք շատ կայ։
Պարզ է, որ անցած տարիներուն ընթացքին երեսփոխան կոչուած պատգամաւորներէն շատեր չեն հասկնար, որ իրենք ժողովուրդի պատգամներն ու կամքը կատարողներն են։ Այսինքն՝ ժողովուրդը իրենց ընտրած է որպէս իր ներկայացուցիչը՝ իր եւ հայրենիքի շահերը պաշտպանելու համար։ Այդ պատգամաւորները մոռցած են, որ իրենք ժողովուրդի ծառաներն են։ Ժողովուրդին համար աշխատողները։ Իսկ եթէ այս պարզ ճշմարտութիւնը չեն հասկնար կամ իրենց պարտականութիւնը չեն կատարեր, ուրեմն խորհրդարանը իրենց տեղը չէ։
Պատգամաւորին պահողն ու գործատուն ժողովուրդն է։ Հետեւաբար, խորհրդարանի աշխատող մը պէտք է գիտնայ ի՞նչ կ՚ակնկալուի իրմէ։ Իսկ երբ մարդը կը զլանայ իր գործին մէջ, աշխատանքէն կը հեռացուի։ Այսքան պարզ։
Իսկ այն պատգամաւորները, որոնք ոչ միայն զլացան ժողովուրդին կամքը կատարելու այլ կեղեքեցին երկիրը, ի՛նչ կ՚ըլլայ, հայրենասիրութեան դասեր թող չտա՛ն։
Անոնցմէ ոմանց կողմէ այս փոքր երկրի ընթերքի ջուրերը անխնայօրէն կ՚օգտագործուին չմտածելով գալիք սերունդներուն մասին. անոնք թքած ունին հայրենիքի բնութեան, շրջակայ միջավայրին ու կենդանական աշխարհին վրայ՝ ի շահ իրենց հանքարդիւնաբերութեան. իմ Երեւանի հրաշալի պատմական շէնքերը կը փոխարինեն իրենց ճարտարապետական թիւրիմացութիւններով. ներմուծման ու արտածման տնտեսական մենաշնորհներ կը բաշխեն իրարու, անկարելի դարձնելով փոքր ձեռնակատիրութեանց գոյութիւնը. անամօթաբար՝ կղերով ու աշխարհականով հարիւր հազարաւոր տոլարներ արժող ինքնաշարժերով կը պտտին երեսուն տոկոս աղքատ բնակչութիւն ունեցող իրենց իսկ երկրին մէջ. իրենց զեխութեան մէջ ընկղմած՝ տգիտութեամբ ողողուած են։ Նմանները իրաւունք չունին հայրենասիրութեան քարոզներ կարդալու ժողովուրդին։ Մարդ ամօթէն հազար անգամ գետնին տակը մտած կ՚ըլլար մինչեւ հիմա։ Բարի ու անվերադարձ ճանապարհ իրենց։
Ես համոզուած եմ, որ ոտքի ելած երիտասարդներուն մէջ կան խելացի ու մտածող մարդիկ, հրաշալի «վուլկար ֆեմինիստներ», գուցէ փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչներ, ովքեր պիտի կարենան քաղաքական մանիֆեստ մը ստեղծել ուր մարդկային իրաւունքները առաջնահերթութիւն են, ուր բոլոր քաղաքական կուսակցութիւնները (ներառեալ այժմ հեղինակազրկուածները), կրօնական ու ոչ կրօնական կազմակերպութիւնները, հակառակ տարակարծութեանց՝ հաւասար իրաւունքներ ունին անխտիր։ Ես համոզուած եմ, որ այս սերունդը կը հասկնայ իր ժամանակի պահանջները, կը հասկնայ որ բոլոր մարդիկ, անկախ իրենց ազգային, ցեղային, կրօնական ու գենտերային պատկանելիութենէն ունին հաւասար իրաւունքներ, ուր ժողովուրդին ու երկրին շահերը ամէն ինչէ վեր են, եւ ուր մարդիկ կ՚ապրին մարդավարի կեանքով։
Ես կը սպասեմ Մոնթէին երազած Հայաստանին։ Ամէն։