Ապրիլեան չորսօրեայ պատերազմը Արցախի դէմ անկիւնադարձային ազդարարագրի մը ուժգնութեամբ ցնցեց ողջ հայութիւնը Հայաստանի եւ սփիւռքի տարածքին՝ յուշելով որ սիրողական եւ թափթփած միջոցառումներով կարելի չէ ապահովել հայ ժողովուրդի բարօր ապագան:
Իսկ Ապրիլեան պատերազմը եւ «Սասնա Ծռեր» խմբաւորման անդամ նախկին ազատամարտիկներու արարքը իրարմէ անջատելու փորձերը բնականաբար այլ ուղղութեամբ կրնան առաջնորդել իրականութեան փնտռտուքը եւ մէկ կողմէ կը նպաստեն մատին ետեւ պահուըտելու յամառութեամբ հրապարակ ելած կարճատեսներու պնդումներուն եւ միւս կողմէ կը ծաոայեն իշխանական համակարգի շահերուն:
Ուժի ճամբով իշխանութիւն փոխելու ձգտումները եւ փորձերը մերժելի են ըստ ամենայնի: Վիճելի չէ այս կէտը:
Բայց երբ ուժի ճամբով ահազանգ հնչեցնելու անհրաժեշտութիւն կը ծագի եւ այդ քայլը բացարձակօրէն մերժելու փոխարէն դուռ կը բացուի թեր եւ դէմ կեցուածքնէրու՝ հրապարակներու, մամուլի եւ գրեթէ ամէն հայու տունէ ներս, պարտաւոր կը դառնանք մտածելու որ ժողովրդային արտայայտութեան եւ ժողովրդավար փոփոխութեան համակարգն ու գործընթացը լաւ չեն գործեր Հայաստանի եւ ընդհանրապէս հայ իրականութեան մէջ:
Ոչ մէկ հայու քիթը պէտք է արիւնի ուրիշ հայու ձեռքով: Վերջակէտ:
Աւելի լաւ պիտի ըլլար որ աշխարհի տարածքով ոչ ոք կարենար արիւնել ոեւէ հայու քիթը: Այլ նիւթ:
Բայց երբ դժբախտաբար կը պատահին նմանօրինակ ներազգային դէպքեր, խաւարը անիծելու փոխարէն, փորձենք մոմ մը վառել առնուազն կարգ մը իրականութիւններ տեսնելու համար:
Հաշուետուութեան եւ հաշուառութեան համակարգը որքանո՞վ ազդու է Հայաստանի կամ ընդհանրապէս հայ իրականութեան մէջ: Ո՞ր նախագահը, ո՞ր վարչապետը, նախարարը, ընդհանրապէս ո՞ր քաղաքական ղեկավարը մինչեւ հիմա հաշիւ տուած է իր ըրածներուն կամ չըրածներուն համար: Միայն հարցում:
Քանի՞ «ժողովուրդին կողմէ ընտրուած» երեսփոխաններ հաշիւ պահանջած են ու կը պահանջեն սահմանադրականօրէն իրենց հաշուետու գործադիր իշխանութիւններէն՝ յարգելի բացառութիւններով: Իսկ երբ կայ պահանջող, ժողովրդավարական մեր համակարգը ի՞նչ միջոցառումներ ճշդած է քննարկելու, քննութիւն բանալու եւ տնօրինումներ որդեգրելու յանցագործութեան պարագային: Հետեւանքը կ՛ըլլայ այն որ կը յառաջանայ փտած վարչամեքենայ եւ կը ստեղծուին ընդհանրապէս մաֆիական ձգտումներով առաջնորդուող վերնախաւ մը եւ այդ վերնախաւին թիկունքը պաշտպանող «փողոցի տղաներ», որոնք ոստիկանութեան հետ իրենց սերտ կապերով կ՝ամբողջացնեն փտածութեան օղակը: Ըստ էութեան դատապարտելի պերճանք մը՝ որ անհնար է ընդունիլ պատերազմ, դատ եւ գոյութեան կռիւ ունեցող ժողովուրդի մը համար:
Ընտրական նոր օրէնք մը որ ամբողջովին հիմնուած կ՝ըլլայ համամասնական (Proportional) դրութեան վրայ, որ նաեւ երաշխաւորուած կ՝ըլլայ ընտրական իսկապէ՛ս անկախ յանձնաժողովի մը ստեղծումով, կրնայ մեծապէս նպաստել այս խորթ կացութեան սրբագրումին:
Այսօր առատ մելան կը թափուի Հայաստանի կառավարման եղանակի սրբագրութեան համար, բայց պէտք է արդար ըլլալ եւ հարց տալ որ նոյն տարողութեամբ եւ համարձակութեամբ կը խօսուէ՞ր «Սասնա Ծռեր»ու տղոց արարքէն առաջ: Թէ՛ արարքին կողմնակիցները եւ թէ դէմ արտայայտուղները համամիտ են որ առկայ իշխանական համակարգէն կը տուժեն թէ՛ Հայաստանը, թէ՛ Արցախը եւ թէ Սփիւռքը: Ժողովուրդը կ՝աղքատանայ եւ կ՛արտագաղթէ, տնտեսութիւնը կը տուժէ, իսկ Արցախի ճակատները կը դառնան խոցելի: Որե՞մն:
Որեմն, ըլլանք դէմ կամ թեր «Սասնա Ծռեր»ու տղոց արարքին, պիտի ընդունինք ինքզինք պարտադրող իրողութիւն մը որ նոյնը չեն եւ չեն ալ կրնան ըլլալ արարքին նախորդող եւ յաջորդող պայմանները:
Ի՞նչ կ՝ըսէք:
Աւելի լաւ պիտի չըլլա՞ր արդեօք որ «Սասնա Ծռեր»ու տղոց արարքը չպատահէր, եւ թեր ու դէմ տեսակէտնէրու տէրերը հաւաքուէին Հայաստանի խորհրդարանին մէջ եւ օրինական բոլոր բեմերուն վրայ եւ քննարկէին ազգային բոլոր ցաւերն ու ուժի եւ յառաջդիմութեան լծակները, ներառեալ՝ փտածութեան գործած աւերները Արցախեան ճակատին վրայ եւ զանոնք դարմանելու միջոցները:
Մօտ օրէ՞ն:
Թերեւս:
Վ.Թ.