Ղազախստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարը յայտարարած է, որ Ասթանայի մէջ Ռուսաստանի, Իրանի եւ Թուրքիոյ մասնակցութեամբ սուրիական հակամարտութեան կարգաւորման հարցի շուրջ այսօր մեկնարկուող բանակցութիւնները մէկ օրով յետաձգուած են: Այս մասին կը հաղորդէ «Reuters» գործակալութիւնը, նշելով, որ յայտարարութեան մէջ չէ նշուած յետաձգման պատճառը:
Միւս կողմէ, «Ալ-Ժատիտ»ի համաձայն, Ռուսիոյ պաշտպանութիւնը կը հերքէ լուրը, յայտարարելով, որ Ասթանայի բանակցութիւնները պիտի ընթանան նախատեսուածի համաձայն, առանց յետաձգումի:
Կը նշուի նաեւ, որ Սուրիոյ կառավարական ու ընդդիմադիր պատուիրակութիւնները նախապէս հրաժարած են դէմառդէմ բանակցելէ եւ որեւէ փաստաթուուղթ ստորագրելէ: