image

Ռուսաստան երեւան հանած է Սուրիոյ մէջ տեղակայուած 20 ամերիկեան ռազմակայաններ

Ռուսաստան երեւան հանած է Սուրիոյ մէջ տեղակայուած 20 ամերիկեան ռազմակայաններ

Ռուսիոյ միջազգային անվտանգութեան հարցերով անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարի օգնական Ալեքսանտր Վենետիկթով «Սփութնիք» լրատուական գործակալութեան հետ զրոյցի ընթացքին յայտարարած է, որ Սուրիոյ անվտանգութեան վերականգնման գործընթացի միակ խանգարողը արտաքին միջամտութիւնն է, ինչպէս օրինակ քրտական ուժերու իշխանութեան տակ գտնուող շրջաններուն մէջ տարածուած մօտ 20 ամերիկեան ռազմակայաններու գոյութիւնը:

Ան միաժամանակ նշած է, որ Սուրիոյ մէջ պայքար մղող ահաբեկչական խմբաւորումները լայնածաւալ պատերազմական գործողութիւններէն անցած են աւազակախմբային գործողութիւններու: