image

Ռուսական Ուժերու Երկրորդ Կարեւոր Խումբը Կը Հեռանայ Սուրիայէն

Ռուսական Ուժերու Երկրորդ Կարեւոր Խումբը Կը Հեռանայ Սուրիայէն

Սուրիա- («Ալ-Ժատիտ»- Պէյրութ)- Ռուսական օդանաւներու երկրորդ խումբը հեռացած է Սուրիայէն երեկ՝ չորեքշաբթի, Մոսկուայի կողմէ ուժերը դուրս բերելու որոշման ծիրէն ներս: Այս մասին կը փոխանցէ «Ալ-Ժատիտ», նշելով, որ Ռուսաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարած է, թէ  «SU 25» կործանիչներ եւ «AL 76» տեսակի փոխադրական օդանաւեր քաշուած են Համիմիմի  ռազմակայանէն: Կը նշուի նաեւ, որ երկրորդ խումբի հեռացումը յաջորդած էր երեքշաբթի օր օդանաւերու՝ առաջին խմբաքանակի Ռուսիա ժամանումին: Այս կապակցութեամբ Ուաշինկթըն  երեքշաբթի ըսած է, որ «վերջին ցուցանիշները կը վկայեն, որ Ռուսիա դէպի առաջ կը շարժի»  հանկարծակի հեռացման որոշումին մէջ: Միւս կողմէ ՄԱԿ-ի Սուրիոյ բանագնաց Սթէֆան Տէմիսթուրա «ուժերու քաշուիլը» գնահատած է  որպէս «կարեւոր զարգացում» բանակցութիւններու հետ կապուած, մանաւանդ ռէժիմի եւ ընդդիմութեան պատուիրակութիւններու կողմէ ներկայացուած քաղաքական լուծման առաջարկութիւններէն ետք. «Յոյսով ենք, որ այս գործողութիւնը դրական ազդեցութիւն պիտի ունենայ բանակցութեան գործընթացին վրայ», ըսած է Տէմիսթուրա, որ այսօր Ժընեւի մէջ հանդիպում պիտի ունենայ Սուրիոյ ընդդիմութեան ներկայացուցիչներուն հետ: