Հայաստան- Ռաֆֆի Յովհաննիսեանի գլխաւորած «Ժառանգութիւն» կուսակցութեան անդամ Ռուբէն Յակոբեան հրաժարական տուած է կուսակցութիւնէն: Յակոբեան, որ այս մասին գրած է իր դիմատետրի էջին վրայ նաեւ ըսած է, որ իր եւ Յովհաննիսեանի միջեւ առկայ էին տարբեր խնդիրներու վերաբերեալ երեւելի տարակարծութիւններ: Ան նաեւ գրած է, որ կը յարգէ Յովհաննիսեանը եւ անոր անցած ճանապարհը, յոյս յայտնելով, որ իր «ժառանգութիւն»էն հեռանալու որոշումը ժխտական անդրադարձ չեն ունենար կուսակցութեան եւ անոր ղեկավարին ապագայ ծրագիրերուն վրայ: