image

Րիատ Մահապատիժի Ենթարկեց Շիիթ Կրօնաւոր Նըմր Ալ Նըմըրը

Րիատ Մահապատիժի  Ենթարկեց Շիիթ Կրօնաւոր Նըմր Ալ Նըմըրը

 Սէուտական Արաբիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը  հաղորդագրութիւն մը  հրապարակելով    յայտարարեց, թէ  ահաբեկչութիւն  կատարելու եւ հրահրելու մեղադրանքներով   47         մեղադրեալներու դէմ մահապատիժ կիրառած է: Նշենք, որ մահապատիժը  կատարուած է   այսօր առաւօտ կանուխ  թագաւորութեան     12 տարբեր շրջաններու մէջ :  Մահապատժի ենթարկուածներու մէջ է նաեւ  Սէուտցի   Շիիթ կրօնաւոր Նըմըր Ալ Նըմըր, որ երկար  ժամանակէ ի վեր կը մնար բանտարկուած: Նշենք, որ մահապատիժի ենթարկուածներուն մեծագոյն  տոկոսը Սէուտցիներ են: