Սէուտական Արաբիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց, թէ ահաբեկչութիւն կատարելու եւ հրահրելու մեղադրանքներով 47 մեղադրեալներու դէմ մահապատիժ կիրառած է: Նշենք, որ մահապատիժը կատարուած է այսօր առաւօտ կանուխ թագաւորութեան 12 տարբեր շրջաններու մէջ : Մահապատժի ենթարկուածներու մէջ է նաեւ Սէուտցի Շիիթ կրօնաւոր Նըմըր Ալ Նըմըր, որ երկար ժամանակէ ի վեր կը մնար բանտարկուած: Նշենք, որ մահապատիժի ենթարկուածներուն մեծագոյն տոկոսը Սէուտցիներ են: