image

Ռեքս Թիլըրսըն պաշտօնապէս ստանձնած է ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնը

Ռեքս Թիլըրսըն պաշտօնապէս ստանձնած է ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնը

Ամերիկացի միլիառատէր Ռեքս Թիլըրսընը երդուած է ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամբի` Սպիտակ տան աշխատասենեակին մէջ ու պաշտօնապէս ստանձնած երկրի արտաքին գործոց նախարարի պարտականութիւնները: Միացեալ Նահանգներու նոր ԱԳ նախարարի երդումին ներկայ եղած են Թրամբը եւ փոխնախագահ Մայքըլ Փենսը:

«Ծառայելով նախագահին` միշտ, բոլոր ժամանակներու մէջ պիտի ծառայեմ ամերիկացի ժողովուրդին»,-ըսած է Թիլըրսըն:

Յիշեցնենք, որ նախքան այս Թիլերսըն կը զբաղեցնէր ExxonMobil ընկերութեան գլխաւոր գործադիր նախագահի պաշտօնը: