Ռաքքայի մէջ մարդկային իրավիճակը աղէտալի է: Այս մասին կը բարձրաձայնեն մարդու իրաւունքներու պաշտպան տասնեակ կազմակերպութիւններ` դաշնակից ուժերէն պահանջելով զգոյշ ըլլալ իրենց ձեռնարկած ռազմական քայլերուն մէջ:
Կը փոխանցուի նաեւ, որ մինչեւ այս պահը Ռաքքա մնացող քաղաքացիները յայտնուած են մէկ կողմէ ԱՄՆ-ի գլխաւորած դաշնակից ուժերու կրակին եւ միւս կողմէ` «Տահէշ» ահաբեկչական խմբաւորման սպառնալիքներուն տակ: Անցեալ յունիսէն ի վեր Ռաքքայի մէջ զոհուած են 700-է աւելի անզէն քաղաքացիներ, որոնց մեծ մասը սպաննուած է դաշնակից ուժերուն կրակով:
Կը փոխանցուի նաեւ, որ զոհերուն մէջ կան տասնեակ երեխաներ:
Միջազգային կազմակերպութիւններ դաշնակից ուժերուն դիմելով անոնցմէ խնդրած են հեռու մնալ քաղաքացիները թիրախ դարձնելէ եւ տարատեսակ պայթուցիկ նիւթերը չօգտագործել քաղաքացիներու ապրած վայրերուն մէջ:
Ռաքքայի մասին գրող ընկերային ցանցի էջեր, նոյնպէս կը հաղորդեն, որ «Տահէշ» քաղաքացիներուն հետ կը վարուի անմարդկային մօտեցումներով եւ կը գնդակահարէ բոլոր անոնք, որոնք կը փորձեն խոյս տալ քաղաքէն:
Ըստ կարգ մը աղբիւրներու ներկայ պահու դրութեամբ Ռաքքայի մէջ կ'ապրին քսան հազար անզէն քաղաքացիներ: