image
Հրատապ լուրեր:

ՌԱԿ-ը Միութեան Հաւատացող Կուսակցութիւն Է. Յակոբ Վարդիվառեան

ՌԱԿ-ը Միութեան Հաւատացող Կուսակցութիւն Է. Յակոբ Վարդիվառեան

 «Մեր կուսակցութիւնը ընդհանրապէս պատրաստ չէր այն քաղաքական փոփոխութեան, որ տեղի ունեցաւ Հայաստանի մէջ Խորհրդային կարգերու  փլուզումով եւ երրորդ հանրապետութեան ծնունդով»,- «Արեւելք»ին ըսաւ   ՌԱԿ  «Մամլոյ   Դիւանի ատենապետ՝  Յակոբ  Վարդիվառեան:  Ան  նաեւ ըսաւ, թէ ներկայիս կուսակցութեան մէջ  կարեւոր խմորումներ  կան   փարատելու առկայ   բոլոր տարաձայնութիւնները: «Միշտ հանդիպումներ եղած են, սակայն տակաւին  հարցերը  լրջօրէն չեն լուծուած»,- նկատել տուաւ   Վարդիվառեան,   յաւելելով  ըսաւ,  որ ՌԱԿ-ը   միութեան հաւատացող կազմակերպութիւն մըն է. «Որովհետեւ մենք զանազան այլ կուսակցութիւններու միութեամբ ծնունդ տուինք Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան, այս պարագային սակայն, դժբախտաբար  կուսակցութեան  հիմնադրութիւնէն ասդին տարբեր գոյավիճակ մըն է, որ ստեղծուած է այսօր , սակայն եւ այնպէս, թերեւս մեր կուսակցութիւնը կեդրոնական մարմին մը չունի առայժմ, ինչպէս Դաշնակցութիւնը ունի Բիւրոն, սակայն մեր շրջանակները իւրաքանչիւրը իր գաղութէն ներս իր առաքելութիւնը կը շարունակէ, մանաւանդ Ցեղասպանութեան դարադարձին բաւականին մեծ եւ ուշագրաւ հանդիսութիւններ կազմակերպեցինք ամենուրեք»,- հաւաստեց  Վարդիվառեան: «Արեւելք»ի խօսակիցը,  անդրադառնալով  Հայաստանի     Ռուսիոյ հետ ունենալիք ռազմավարական գործակցութեան, հաստատեց. «Նախ պէտք է յստակ կերպով իւրաքանչիւր հայու   մտքին մէջ շեշտաւորուած, դրռշմուած մնայ մէկ բան, որ  մեր ժողովուրդի ապագան կապուած է ռուս ժողովուրդին  հետ համագործակցութեամբ: Վերջին 150-200 տարուան  պատմութիւնը ցոյց տուած է հայ-թաթարական պատերազմի  ընթացքին , առաջին համաշխարհային պատերազմին,  եւ անկէ ետք եկող բոլոր մեր ազգային կեանքի իրադարձութիւններուն ընթացքին , թէ այդ ռուս-հայ յարաբերութիւնն է, որ մեզի տուած է իրապէս խաղաղութիւն: Խորհրդային Հայաստանի 71 տարիներուն ընթացքին մեր երկիրը մնաց խաղաղ, ապահով եւ մենք խաղաղութիւնը ամէն բանէ առաջ կը փնտռենք: Ինչ կը վերաբերի այդ փափուկ հարցին, անշուշտ ինչ ալ ըլլայ վերջին հաշուով ռուսական դաշնութիւնը եւ իր կառավարութիւնը եւ մանաւանդ իր նախագահը, արտգործնախարարը, յստակ կերպով դիրքաւորուած են իրենց քաղաքականութեան մէջ, որ չեն կրնար լքել Հայաստանը, մանաւանդ երբ երեք տարի առաջ մեր հանրապետութեան նախագահը ստորագրեց շատ կարեւոր պայմանագրութիւնը, որ Հայաստանի սահմանները պիտի պաշտպանուին ռուսական բանակներու կողմէ եւ այդ արդէն մեծագոյն երաշխիքն է այդ խաղաղութեան, իսկ այդ յարձակումները, սահմանային կռիւները, միջադէպերը, որոնք կը պատահին, եթէ այդ ռուսական գերիշխող ուժը չըլլար, վստահ եղէք, որ անոնք  արագ կերպով պիտի բոցավառէին եւ ամբողջ տարածաշրջանին վրայ ազդեցութիւն պիտի ունենային, բարեբախտաբար այդ բազուկը որ կայ, կ'արգիլէ: Այլեւս պէտք չէ խորհինք, որ հեռաւոր Ամերիկայէն կամ Անգլիայէն կամ Ֆրանսայէն պիտի գայ, ինչ որ պիտի ըլլայ մեր դրացի տեղական ժողովուրդներէն պիտի գայ, առաջին հանգրուանը Ռուսաստանն է, երկրորդը Պարսկաստանն է»,-Եզրակացուց Յակոբ Վարդիվառեան: 

 


Լուսանկարը ՝ «Արեւելք»ին: