image
Հրատապ լուրեր:

ՌԱԿ-ի Պատգամաւորական Ժողովը Պիտի Գումարուի 2016-ին Երեւանի Մէջ

ՌԱԿ-ի Պատգամաւորական  Ժողովը Պիտի Գումարուի   2016-ին Երեւանի  Մէջ

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան     պատգամաւորական ժողովը, որ տեղի պիտի ունենար       Արժանթինի մէջ յետաձգուած է եւ  պիտի  կայացուի   Երեւանի մէջ: Այս  մասին «Արեւելք»  իմացաւ   ՌԱԿ-ի Պէյրութի իր  աղբիւրներէն: Մեր  աղբիւրը  նաեւ  յայտնեց, թէ  ժողովին թուականի եւ վայրի փոփոխութիւնը  կապ ունի   Ռամկավար    պատգամաւորներու  եւ որպէս ունկնդիր    ժողովին մասնակից   կուսակցականներու    ստուար թիւին  փափաքին հետ:  Ժողովը, որ   27-րդն է  պիտի գումարուի  2016 թուականի  գարնան  Երեւանի մէջ:  Ինչ կը   վերաբերի  ամիսներ  առաջ  շրջանառութեան  մէջ դրուած   Երուանդ  Ազատեանի կողմէ   կազմակերպուելիք     ժողովի մը մասին  լուրին, այդ մասին   ցարդ տեղեկութիւն չի  հաղորդուիր: