Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան պատգամաւորական ժողովը, որ տեղի պիտի ունենար Արժանթինի մէջ յետաձգուած է եւ պիտի կայացուի Երեւանի մէջ: Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ ՌԱԿ-ի Պէյրութի իր աղբիւրներէն: Մեր աղբիւրը նաեւ յայտնեց, թէ ժողովին թուականի եւ վայրի փոփոխութիւնը կապ ունի Ռամկավար պատգամաւորներու եւ որպէս ունկնդիր ժողովին մասնակից կուսակցականներու ստուար թիւին փափաքին հետ: Ժողովը, որ 27-րդն է պիտի գումարուի 2016 թուականի գարնան Երեւանի մէջ: Ինչ կը վերաբերի ամիսներ առաջ շրջանառութեան մէջ դրուած Երուանդ Ազատեանի կողմէ կազմակերպուելիք ժողովի մը մասին լուրին, այդ մասին ցարդ տեղեկութիւն չի հաղորդուիր: