Սպանիոյ բժիշկները կը կասկածին, որ ոտքերուն վրայ երեւան եկող կապտուկներն ու վէրքերը կրնան ըլլալ «Քորոնա» ժահրով վարակուելու նշան: Այս մասին կը տեղեկացնէ բրիտանական «Daily Mail»ը:
Սպանիոյ, Իտալիոյ եւ Ֆրանսայի բժիշկները նկատած են, թէ կարգ մը հիւանդներու մօտ, որոնք կը տառապին մանիշակագոյն ջրծաղիկէ, կամ ոտնամատներուն վրայ chilblain (ցրտնխած)ի նման նշաններ ունին, «COVID-19»ի հետազօտութեան արդիւնքը եղած է դրական:
Մանուկներ եւ պատանիներ
Բժիշկները վկայակոչած են հիւանդներէն մէկուն՝ Իտալիա գտնուող 13-ամեայ տղու մը պարագան, որուն մօտ երեւան եկած էր այտոյցներ եւ կապտուկներ: Սկիզբը ենթադրած են թէ միջատներու խայթուածք է, սակայն վէրքերը զարգացած են ու սկսած են տարածուիլ:
Մասնագէտները կը զգուշացնեն թէ այս նոր ու անծանօթ ախտանշաները նախնականապէս նկատուած են մանուկներուն եւ պատանիներուն մօտ: Սակայն հետագային ի յայտ եկած է, որ Իտալիոյ հիւանդանոցին մէջ գտնուող հիւանդներուն 5էն մէկը, ունի նոյն այս ախտանշանները:
Պաշտօնական Ախտանշաններ
Սկզբնական շրջանին, կը կարծուէր թէ «Քորոնա» ժահրը կ'արտայայտուի միայն ջերմութեամբ եւ յաճախակի հազով, սակայն վերջին ուսումնասիրութիւնները յայտնաբերեցին, թէ փորաhարութիւնը (Diarrhea), մաշկային նշանները, ամորձիգներու ցաւը, համի եւ հոտառութեան կորուստը, նաեւ վարակի «անսովոր» ախտանշաններէ են: Ինչպէս նաեւ ըստ Չինաստանի ուսումնասիրութիւններուն, COVID 19-է վարակուած մեծ թիւով հիւանդներ կը տառապին գլխացաւէ ու գլխապտոյտէ:
Տարօրինակ յայտնաբերութիւն
Սպանական բժշկական համալսարաններու՝ ոտքերու եւ մաշկային հիւանդութեանց մասնագիտական բաժնի ընդհանուր խորհուրդը, իր պաշտօնական յայտարարութեան մէջ այս «տարօրինակ յայտնաբերումին» մասին նշեց, թէ այն հիւանդները, որոնք կը տառապին մանիշակագոյն կապտուկներէ, որոնք շատ նման են ջրծաղիկին, կարմրուկին կամ յօդային անդամալուծութենէ յառաջացած մազերակներու բորբրոքումին, նաեւ «Քորոնա» ժահրի վարակակիրներ են:
Եւ ըստ Սպանիոյ ոտքերու եւ մաշկային մասնագէտ բժիշկներուն, այս ախտանշանները համեմատաբար աւելի տարածուած են պատանիներու եւ մանուկներու մօտ, որոնք «Քորոնա» ժահրէ վարակուած են. նկատուած են նաեւ կարգ մը մեծերու մօտ: Այս վէրքերը արագօրէն կը բուժուին եւ կ'անհետանան նոյնիսկ առանց սպի ձգելու:
Ներկայիս, մասնագէտները կը հաւաքեն տուեալները այն մարդոց, որոնք թէ՛ CՕVID 19-ի վարակակիրներ են եւ թէ՛ իրենց ոտքերուն վրայ այս նշանները կը կրեն:
Մասնագէտները խորհուրդ կու տան, մեկուսացնել այն երեխաները, որոնց ոտքերուն վրայ այս նշանները երեւան կու գան, սակայն առանց խուճապի մատնուելու կամ նոյնիսկ մտահոգուելու, որովհետեւ գիտականօրէն տակաւին հաստատուած չէ, թէ այս նշանները «Քորոնա» ժահրի յատուկ եւ պաշտօնապէս ճանաչուած ախտանշաններ են:
Զարմանալի Ախտանշաններ
Բրիտանացի բժիշկ Տանիէլ Ճորտընը մեկանաբանելով վերոնշեալ յայտարարութիւնը, ըսած է, թէ.- «Թերեւս այս նշաններուն յայտնուիլը պարզապէս պատահականութեան արդիւնք է: Զարմանալի պիտի թուի եթէ փաստուի, որ COVID 19ը կը պատճառէ մաշկային ախտանշաններ»:
«Քորոնա»ի պարագային, ինչպէս ուսումնասիրութիւնները եւ աշխարհով տարածուած պարագաները ցոյց տուին, թոքն է ամէնէն շատ վնասուող օրկանը:
Մանաւանդ որ սպանացի բժիշկները կը հաստատեն թէ «այս արդիւնքները կը վերաբերին միայն պարագայի մը, եւ ներկայիս, դեռ շատ ժամանակի կը կարօտին փաստելու համար արդեօք իսկապէս կապակցութիւն մը կայ «Քորոնա» վարակին եւ ոտքերու նշաններուն միջեւ, բայց եւ այնպէս, տեսակէտ մըն ալ կայ, որ կ'ապացուցէ, թէ մաշկային այս նշանները յառաջացած են մազանօթներու խցանումի պատճառով, եւ որ իր հերթին կրնայ ըլլալ ջղային համակարգին պատասխանը ժահրային վարակին:
Բժիշկ Րանտի Ժաքոպս, Քալիֆորնիոյ բժշկական համալսարանի օգնական փրոֆեսոր, կը նշէ թէ COVID 19-ի հաւանական ախտանշաններէն կրնայ ըլլալ արեան մակարդելիութեան հետեւանքով «մազանօթներու խցանումը», աւելցնելով, որ իսկապէս COVID 19-ին կ'ուղեկցին մաշկային որոշ փոփոխութիւններ:
Նիւթը ՝ «Ալ Արապիա» կայքէն։.