Սուրիոյ Ճգնաժամին լուծումներ որոնելու ծիրէն ներս ԱՄՆ Քոնկրէսի անդամ Թոսլի Կապարտի գլխաւորած պատուիրակութիւնը գաղտնի այցելութիւն մը կատարած է դէպի Սուրիոյ Դամասկոս եւ Հալէպ քաղաքներ:
Ըստ «Foreign Policy» կայքին, Քոնկրէսի Հաուայ նահանգի ներկայացուցիչ Կապարտ ու իր խումբը խիստ գաղտնի եւ լրատուամիջոցներու անհասանելի պայմաններու մէջ իրականացուցած են իրենց այցը դէպի սուրիական զոյգ քաղաքներ: