image
Հրատապ լուրեր:

Քրտական ուժեր Աֆրինի մէջ վար առած են թրքական ուղղաթիռ մը

Քրտական ուժեր  Աֆրինի մէջ վար առած են  թրքական ուղղաթիռ մը

Քրտական ուժեր  այսօր վար առած են թրքական ուղղաթիռ մը: Դէպքը պատահած է Աֆրինի  Ռաճու գիղաւանին վերեւ: Այս մասին լուրը փոխանցեց Sky news  կայանը, որ սակայն ուղղաթիռի անձնակազմին ճակատագրին մասին տեղեկութիւններ չտուաւ: 

Դէպքին մասին խօսեցաւ Թուրքիոյ նախագահ Ռէճէպ Թայէպ Էրտողանը, որ յայտնեց, որ ուղղաթիռը վար առնուած է երբ թրքական ուժեր իրենց առաքելութիւնը կը կատարէին «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութեան շրջանակներուն մէջ:

Յիշեցնենք, որ անցնող 20 յունուարէն  սկսեալ թրքական ուժեր «Ձիթենիի ճիւղ» անունով  զինուորական գործողութիւն սկսած էին Աֆրինի դէմ, որուն հիմնական  նպատակն էր 30 քլմ. խորութիւն ունեցող ապահովական գօտի մը ստեղծել  Թուրքիա- Սուրիա  սահմանին: