Լիբանանի Խորհրդարանի անդամ Ռոպէր Ֆատէլ հրաժարական տուած է: Այս մասին տեղեկութիւն փոխանցող աղբիւրներ կը հաղորդեն, թէ քրիստոնեայ երեսփոխանը հրաժարական տուած է Թրիփոլիի մէջ տեղի ունեցած քաղաքապետական ընտրութիւններուն արդիւնքով: Կը նշուի նաեւ, որ Թրիփոլիի նոր քաղաքապետական խորհուրդին մէջ ոչ մէկ քրիստոնեայ անդամ ներգրաւուած է: Նոյնը կարելի է ըսել քաղաքին մէջ փոքրամասնութիւն համարուող ալէւի համայնքին մասին: Սաատ Հարիրիի դաշնակից համարուող եւ երկրի նախկին արդարադատութեան նախարար Զօր. Աշրաֆ Ռիֆիի միջեւ առկայ տարակարծութիւններուն արդիւնքով ծանր ընտրամարտ մը եղած էր քաղաքին մէջ եւ վերջինս յաջողած էր կարեւոր յաղթանակ մը տանիլ Հարիրի- Միքաթի (երկուքն ալ նախկին վարչապետներ) ընտրական դաշինքին դէմ: