image

Քլինթըն յետ այսու որեւէ ընտրութիւններու պիտի չմասնակցի

Քլինթըն յետ այսու որեւէ ընտրութիւններու պիտի չմասնակցի

Հիլըրի Քլինթընին մօտիկ աղբիւր մը հաւաստած է, որ նախագահական ընտրութիւններուն ձախողութիւն կրած դեմոկրատական թեւի ներկայացուցիչը յետ այսու որեւէ ընտրութիւններու պիտի չմասնակցի, կը գրէ «Ֆրանսբրէս» գործակալութիւնը:

Քլինթընի ոչ պաշտօնական խորհրդական եւ «Center for American Progress» կեդրոնի նախագահ Նիրա Թանտըն յայտնած է, որ «Յառաջիկայ տարիներու ընթացքին, Քլինթըն միջոցներ պիտի մշակէ մանուկներու եւ կարիքաւոր ընտանիքներու օգնութիւն մատուցելու համար: Այս է իր կեանքի նպատակը», աւելցնելով՝ «Սակայն յետ ասու որեւէ ընտրութիւններու պիտի չմասնակցի»:

Յիշեցնենք, որ օրեր առաջ «New York Daily News» հաղորդած էր, թէ Քլինթըն չի բացառեր Նիւ Եորքի քաղաքապետի պաշտօնին թեկնածութիւն ներկայացնելու հաւանականութիւնը, որուն ի պատասխան Նիրա Թանտըն երէկ հանդէս եկած է իր յայտարարութեամբ, թէ «Չեմ կարծեր, որ ան թեկնածութիւն կը ներկայացնէ այդ պաշտօնին, կամ որեւէ այլ պաշտօնի»:

Նշենք, որ նախագահական ընտրութիւններուն ձախողութիւն կրելէ ետք Քլինթըն ամբողջովին չէ հեռացած հասարակական կեանքէն, այլ մինչ օրս մասնակցած է երկու հանրային միջոցառումներու եւ քանի մը թուիթըրեան գրառում կատարած:

Նաեւ կը սպասուի, որ յառաջիկայ երեքշաբթի օր մասնակցի Արտաքին Գործոց նախարարութեան շէնքին մէջ կազմակերպուելիք իր անունը կրող ցուցահանդէսի բացման արարողութեան, բացի այդ, իրեն մօտիկ աղբիւրներու պնդմամբ, ան անձամբ ներկայ պիտի ըլայ Թրամբի երդման արարողութեան: