image

Քէթ Քէլոկ Թրամբի կողմէ նշանակուած է Ազգային Անվտանգութեան հարցերով խորհրդականի պաշտօնին

Քէթ Քէլոկ Թրամբի կողմէ նշանակուած է Ազգային Անվտանգութեան հարցերով խորհրդականի պաշտօնին

ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամբ Ազգային Անվտանգութեան հարցերով խորհրդականի պաշտօնին նշանակած է թոշակի անցած զօրավար Քէթ Քէլոկը, Ֆլինի հրաժարական տալէն ետք: Այս մաիսն կը հաղորդէ լիբանանեան «Ալ-Ճատիտ» կայքը:

Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Մայքլ Ֆլին, ներկայացուցած հրաժարականի դիմումին մէջ նշած է, որ վստահ է նախագահ Տանըլտ Թրամբի ձեւաւորած խումբի յաջողութեան մէջ: «Անոնք ԱՄՆ պատմութեան մէջ պիտի յիշուին որպէս մեծագոյն նախագահութիւններէն մէկը»,-գրած է Ֆլինը:

Նշենք, որ Ֆլին կը մեղադրուի ռուս պաշտօնեաներու հետ կապի մէջ ըլլալու մէջ: