image

Քեսապի Մէջ Տեղեակ Չեն Արթուր Վարդանեանի Եւ «Հայոց Վահան» Խմբակին Մասին

Քեսապի Մէջ Տեղեակ Չեն Արթուր Վարդանեանի    Եւ «Հայոց Վահան» Խմբակին   Մասին

 Սուրիա-   Քեսապի մէջ տեղեակ չեն   Արթուր Վարդանեանի   մասին: Այս մասին «Արեւելք»  ճշդեց  Քեսապի իր աղբիւրէն:    Մեր աղբիւրը նաեւ  նշեց, որ իրենք  չեն լսած   անոր    գլխաւորած  «Հայոց Վահան»  խմբակին մասին կամ վերջինիս Քեսապի մէջ   եղած մարտերուն մասնակցութեան մասին:  Նշենք, որ մէկէ աւելի      կայքեր երէկ տեսանիւթեր  տեղադրած էին, ուր զինուորական տարազ հագած   Վարդանեան կը խօսէր Սուրիոյ պատերազմին  իր մասնակցութեան մասին: Աւելի վաղ հաղորդած էինք     վերջինիս գլխաւորութեամբ     եւ տասը հոգիներէ բաղկացող խումբի մը  ձերբակալման մասին:    Խմբակին դէմ մեղադրանք ցարդ չկայ,  եւ հետաքննութիւնները  կը շարունակուին: Հայաստանի Հանրապետութեան ԱԱԾ-ն  հաղորդած էր, որ յանցախումբը կը պատրաստուի      մեծ յանցագործութիւններ կատարել  Երեւանի տարբեր շրջաններուն  մէջ: Ձերբակալուածներուն մէջ կան սփիւռքահայեր: