image

«Հայոց Արծիւներ»ը դուրս եկան ընտրարշաւէն

«Հայոց Արծիւներ»ը դուրս եկան ընտրարշաւէն

 

«Հայոց Արծիւներ, միասնական Հայաստան»  կուսակցութեան ղեկավար Խաչիկ Ասրեանը կը դադրեցնէ քարոզարշաւը, կուսակցութիւնը պիտի չմասնակցի արտահերթ ընտրութիւններուն։ Այս մասին Հանրային հեռուստաընկերութեան եթերին յայտարարած է Խաչիկ Ասրեանը։

Ան նշած է, որ արտահերթ ընտրութիւններ կարելի չէ կայացնել Հայաստանի ամբողջ տարածքին մէջ, քանի որ որոշ տարածքներ բռնագրաւուած են, որ կը նշանակէ, որ պէտք է արտահերթ ընտրութիւնները չեղարկել։

Ան քարոզարշաւի դադարեցումը պարզաբանած է Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան սպառնացող վտանգով։  Ան կոչ ըրած է չեղարկելու ընտրութիւնները, միասնական ջանքերով ատրպէյճանցիները դուրս հանելու ՀՀ տարածքէն, ապա կայացնել նոր արտահերթ ընտրութիւններ, քանի որ Հայաստանի ամբողջականութիւնը եւ անվտանգութիւնը աւելի կարեւոր է, քան որեւէ ընտրութիւն։

Ան նշած է, որ իրենք 86 հոգինոց համամասնական անթերի ցուցակով յայտ ներկայացուցած են արտահերթ ընտրութիւններուն մասնակցելու եւ յաղթելու, գրանցուած են, սակայն պայմանով, որ եթէ  մինչեւ արտահերթ ընտրութիւններու քարոզարշաւի մեկնարկը Հայաստանի իշխանութիւնը Հայաստանի տարածք ներխուժած ատրպէյճանցին չվռնտէ հայոց հողէն, ուրեմն կը բացառուի, որ իրականացնեն նախընտրական քարոզարշաւ եւ մասնակցին ընտրութիւններուն։