image
Հրատապ լուրեր:

Քաղբանտարկեալ Սեւան Նշանեան Մենախուց Պիտի Չփոխադրուի

Քաղբանտարկեալ Սեւան Նշանեան Մենախուց Պիտի Չփոխադրուի

Ազատազրկուած պոլսահայ լրագրող Սեւան Նշանեանին մենախուց տեղափոխելու որոշումը թրքական դատարանը չեղարկած է։ Նշանեանին քանի մը դէպքի առընչութեամբ կարգապահական տոյժերու ենթարկելու մասին գործերու քննութիւնը պիտի շարունակուի 3 մարտին։ Ինչպէս կը տեղեկացնէ CNN Turk-ը, անոր կը մեղադրեն «բանտի մէջ համացանց ապահովող սարք մտցնելու», «կաշառք առաջարկելու», «ոչ պատշաճ ճանապարհով նամակ ուղարկելու» համար։

Նշանեանը դատավարութեան մասնակցած է տեսակապի միջոցաւ եւ յայտարարած է, որ չ'ընդունիր իրեն ուղղուած մեղադրանքները։ Նշանեանը ազատազրկուած էր Իզմիրի Շիրինճի գիւղի մէջ իրեն պատկանող հողատարածքին մէջ ապօրինի շինութիւններ կառուցելու համար։ Այդ մեղադրանքով ան 11 տարի 1 ամիս ազատազրկման դատապարտուած է։