image

Պոլսոյ Քաղաքի Համար Ապահովութեան Յաւելեալ Միջոցառումներ

Պոլսոյ Քաղաքի Համար Ապահովութեան Յաւելեալ Միջոցառումներ

Թուրքիա (Լրատուական գործակալութիւններ) - Սուլթանահմէտի յարձակումէն ետք, որու հետեւանքով 10 գերման զբօսաշրջիկներ մահացած էին, Պոլիս քաղաքի համար «ապահովութեան յաւելեալ միջոցառումներ» ու որոշում առնուած է: Յիշեալ որոշումը առնուած է  երէկ գիշեր Ճաղալօղլուի կառավարական շէնքին մէջ: Վարչապետին նախագահութեամբ   տեղի ունեցած ժողովին ներկայ գտնուեցան Ներքին Գործոց նախարար՝ Էֆքիան Ալա, Առողջապահութեան նախարար՝ Մէհմէտ Միւէզզինօղլու, Պոլսոյ Կուսակալ Վասիպ Շահին, Պոլսոյ քաղաքապետ Գատիր Թօփպաշ, Ապահովութեան Ընդհանուր Տնօրէն՝ Ճէլալէտտին Լէքէսիզ, Ապահովութեան, Փախստականութեան, Թմրեցուցիչ նիւթերու պատասխանատու մարմիններու ներկայացուցիչներ: Ժողովի ընթացքին ձեռք առնուեցաւ Սուլթանահմէտի դէպքը եւ  բացատրութիւններ տրուած  են  այդ դէպքէն ետք կատարուած հետեւողական աշխատանքի եւ նոր զարգացումներու մասին: Վերջաւորութեան որոշուած է  նոր միջոցառումներու դիմել, Պոլսոյ նման բազմամարդ քաղաք մը ապահովութեան տակ առնելու համար: Որոշուեցաւ բազմամարդ կեդրոններու մէջ ապահովական ուժերու թիւը աւելցնել,  տեսախցիկներու  թիւը  բազմացնել: