image

Պոլսոյ մէջ Նոր Տարուան գիշերը յարձակում գործող ահաբեկիչը ձերբակալուած

Պոլսոյ մէջ Նոր Տարուան գիշերը յարձակում գործող ահաբեկիչը ձերբակալուած

Թուրքիոյ մէջ ձերբակալուած է Նոր Տարուան գիշերը Օրթագէօյ շրջանին մէջ «Ռէնա» գիշերային  ակումբ ներխուժած եւ 39 անձ սպաննած Ապտ Ալ-Քատէր Մաշարիպովը: Այս մասին կը գրէ թրքական «Hurriyet» թերթը:

Թրքական Անվտանգութեան աղբիւրներու փոխանցմամբ, ահաբեկչութեան դէմ պայքարող ոստիկանութիւնը, յանցագործին ձերբակալած է Պոլսոյ Իսինիորթ շրջանը գտնուուղ իր ընկերոջ տան մէջ եւ անոնց փոխադրած է Իսթանպուլի Անվտանգութեան բաժին:

Նոյն աղբիւրին համաձայն, ահաբեկչութեան դէմ պայքարող խումբերը ստացած ահազանգի համաձայն ներխուժած են նշեալ տունը եւ ձերբակալած  հոն գտնուուղ ահաբեկիչը, անոր Ղրղզստանի ծագումով ընկերոջն ու երեք կիներ:

Յիշեցնենք, որ Նոր տարուայ գիշերը ահաբեկչական յարձակում մը եղած էր Պոլսոյ մէջ: Երկու անձներ Կաղանդ պապայի զգեստներով մուտք գործած էին գիշերային ակումբ մը եւ կրակ բացած՝ Նոր տարին դիմաւորող մարդոց վրայ: Կրակոցներուն հետեանքով զոհուած էր 39 անձեր եւ վիրաւորուած՝ 69: