image

Պոլսոյ մէջ հայաստանցի երիտասարդ մը ձերբակալուած. Sozcu

Պոլսոյ մէջ հայաստանցի երիտասարդ մը ձերբակալուած. Sozcu

Պոլսոյ պետական համալսարանի բժշկական բաժնի ուսանող՝ հայաստանցի 24–ամեայ Մ.Մ–ի ձերբակալութեան մասին նոր մանրամասներ յայտնի դարձած են։

Թրքական Sozcu պարբերականի փոխանցմամբ, Ամերիկեան «կորսուած եւ շահագործման ենթարկուած երեխաներու ազգային կեդրոնը» (NCMEC) պարզած էր, որ Պոլսոյ մէջ գտնուող համակարգիչներէն մէկը անչափահաասներու մասնակցութեամբ «փորնոֆիլմ» կը ներբեռնէ։

NCMEC–ի մասնագէտները հետեւած են IP–ի հասցէին եւ յայտնաբերած, որ այն կը գտնուի Պոլսոյ մէջ, եւ իրենց ունեցած տուեալները փոխանցած են թրքական ոստիկանութեան։

Թուրքիոյ ոստիկանութիւնը գտած է կասկածեալի հասցէն եւ գործողութեան ժամանակ՝ «փորնոֆիլմ» ներբեռնելու ժամանակ ձերբակալած է 24–ամեայ Մ.Մ.–ին։ Սակայն կասկածեալի համակարգիչը եւ կոշտ սկաւառակը գաղտնաբառով եղած է եւ դատարանը ապացոյցներու բացակայութեան պատճառով ազատ արձակած է Մ.Մ.–ն։

Աւելի ուշ, համացանցային յանցագործութիւններու դէմ պայքարի ոստիկանները յաջողած են կոտրել Մ.Մ.–ի համակարգիչի եւ կոշտ սկաւառակի գաղտնաբառերը եւ յայտնաբերած են մեծ թիւով մանկական պոռնկագրական տեսանիւթեր։

Դատախազութեան հրահանգով Մ.Մ.–ն կրկին ձերբակալուած է մանկական պոռնկագրական արգիլուած կայքեր մտնելու, տեսանիւթեր ներբեռնելու եւ տարածելու մեղադրանքով։

Մ.Մ.–ն Հայաստանի քաղաքացի է, ան Պոլսոյ պետական համալսարանի բժշկական բաժնիի 6–րդ տարուայ ուսանող է։