image

Պօղոսեան Հիմնարկութեան Պատուիրակութիւնը Այցելութիւն Տուաւ Մեսրոպեան Վարժարան

Պօղոսեան Հիմնարկութեան Պատուիրակութիւնը Այցելութիւն Տուաւ Մեսրոպեան  Վարժարան

Հինգշաբթի, 3 Դեկտեմբերին, Պօղոսեան Հիմնարկութիւնը ներկայացնող բազմանդամ պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ Պարոն Ժան Պօղոսեանի, այցելեց Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան եւ Արուեստից վարժարաններ: Հայ կաթողիկէ վարժարաններու տնօրէններու խորհուրդի նախագահ Հայր Գէորգ ծ. վրդ. Եղիայեանի ներկայութեան, զոյգ վարժարաններու տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ ընդունելով հիւրերը, զանոնք ծանօթացուց վարժարաններու կրթական կեանքին, ներկայ դրութեան եւ ապագայի ծրագիրներուն:Պատուիրակութեան անդամները շրջեցան վարժարաններու զանազան բաժանմունքները եւ գնահատանք արձանագրեցին այնտեղ կատարուող աշխատանքին եւ ձեռք բերուած իրագործումներուն առիթով:Ծանօթ է, որ Պօղոսեան Հիմնարկութիւնը մեծ աւանդ ունի Մեսրոպեան վարժարանի զարգացման եւ բարեզարդման մէջ: Յատկապէս հիմնարկութեան տրամադրած միջոցներով է, որ կառուցուեցաւ Մեսրոպեան Արուեստից վարժարանի հիւրընկալութեան մասնագիտութեան խոհանոց-աշխատանոցը, որուն սաները այցելուները հիւրասիրեցին իրենց պատրաստած խորտիկներով: Ալիս Ներկիզեան Մանկամսուր այցելութեան, հիւրերը ձեռագործ յուշանուէրներ ստացան մանկամսուրի փոքրիկներէն:Պարոն Ժան Պօղոսեան գոհունակութիւն արտայայտեց այն մասին, որ Մեսրոպեանի տնօրէնութիւնը կը շարունակէ մեծագոյն ձեռնհասութեամբ կառավարել ու զարգացնել կրթական այս հաստատութիւնը՝ ի սպաս յատկապէս Պուրճ Համուտի շրջանի երիտասարդութեան: