image

PKK-ի Ականուած Ինքնաշարժով Գործողութիւն Կատարեց Տիարպէքիրի Մէջ. Կան 5 Զոհեր (Թարմացուած)

PKK-ի  Ականուած Ինքնաշարժով Գործողութիւն Կատարեց Տիարպէքիրի  Մէջ. Կան  5 Զոհեր (Թարմացուած)

Տիարպէքիր (Թրքական գործակալութիւններ) Քրտական PKK-ն հերթական հակակառավարական գործողութիւն կատարած է Տիարպէքիրի մէջ: Այս մասին հաղորդող աղբիւրները կը յայտնեն, որ գործողութիւնը կատարուած է Տիարպէքիրի հարաւ-արեւելեան հատուածին մէջ եղող Ջինար շրջանին մէջ եւ թիրախ ունեցած՝ տեղի ոստիկանութեան գլխաւոր կեդրոնատեղին: Ականուած ինքնաշարժով եղած գործողութեան հետեւանքով սպաննուած են  4 անձեր, (որոնց  մէջ   եղած է երեխայ մը) իսկ վիրաւորներուն թիւը անցած է 39–ը: Նշենք, որ անցեալ Յունիսին ծայր առած բախումներուն հետեւանքով PKK -ի աւելի քան 3000 զինեալներ սպաննուած են: