Ռուսաստանի եւ Թուրքիոյ նախագահներ Վլատիմիր Փութինը եւ Ռեճէպ Էրտողանը հեռախօսազրոյցի ընթացքին քննարկած են «Քորոնա» ժահրի համավարակի դէմ պայքարը:
Քրեմլի մամուլի ծառայութեան հաղորդմամբ՝ ընդգծուած է երկու երկիրներու համապատասխան կառոյցներու միջեւ յետագայ համագործակցութեան կարեւորութիւնը, այդ շարքին՝ հիւանդներու բուժման եւ պատուաստանիւթերու մշակման հարցերու մասով: Փութինը շնորհակալութիւն յայտնած է թուրք գործընկերներուն՝ Թուրքիա գտնուող հայրենակիցներուն հայրենիք վերադարձնելու, ինչպէս նաեւ Ռուսաստանի շարք մը մարզերուն մարդասիրական օգնութիւն ցուցաբերելու համար:
Կողմերը շարունակած են կարծիքներ փոխանակել Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան մէջ տիրող իրավիճակի վերաբերեալ: Զրուցակիցները ընդհանուր պատրաստակամութիւն յայտնած են աշխոյժացնելու համատեղ ջանքերը Իտլիպի թէժ գօտիի վերաբերեալ ռուս-թրքական համաձայնագրերը կեանքի կոչելու ուղղութեամբ, այդ շարքին այս տարուան 5 մարտին Մոսկուայի մէջ ընդունուած 17 սեպտեմբեր 2018-ի Սոչիի յուշագիրը լրացնող արձանագրութիւնը:
Ռուսաստանի եւ Թուրքիոյ նախագահները մտահոգութիւն յայտնած են Լիպիոյ մէջ սաստկացած բախումներու կապակցութեամբ: Նշուած է անժամկէտ զինադադարի եւ միջլիպիական երկխօսութեան շուտափոյթ վերսկսման անհրաժեշտութիւնը՝ 19 յունուար 2020-ին Պերլինի միջազգային համաժողովի որոշումներուն հիման վրայ, որոնք հաստատուած են ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի 2510 բանաձեւով:
Անդրադարձ եղած է նաեւ երկկողմ առեւտրատնտեսական համագործակցութեան զարգացման հարցերուն:
Պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է շարունակելու կանոնաւոր երկխօսութիւնը տարբեր մակարդակներու վրայ: