ԱՄՆ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը (Փենթակոն) առաջարկած է, որ Միացեալ Նահանգները Սուրիոյ մէջ «Տահէշ»ի դէմ պայքարող օրինական զօրքեր տարածէ: Այս մասին կը յայտնէ ամերիկեան «CNN» կայանը, նշելով, որ ներկայիս ամերիկեան յատուկ ուժերու փոքր խումբ մը միայն կը գործէ Սուրիոյ մէջ:
Հեռուստատեսային ընկերութիւնը յայտարարած է նաեւ, որ Փենթակոն ցարդ՝ ամերիկեան ուժեր տեղակայելու առաջարկ չէ ներկայացուցած Սպիտակ Տան:
Ամերիկացի պաշտօնեայ մը, խնդրելով անունը չհրապարակել, տեղեկացուցած է, որ Միացեալ Նահանգները իսկապէս քիչ թիւով յատուկ ուժերու զինուրներ ունի Սուրիոյ մէջ, աւելցնելով, որ այս հարցը տակաւին ուսումնասիրութեան մէջ է եւ այս ուղղութեամբ ոչ մէկ առաջարկ եղած է ԱՄՆ ներկայ նախագահ Տանըլտ Թրամբին: