image

Փարիզի Ահաբեկչութիւնէն Ետք Ֆրանսա Պիտի Փորձէ Վերանուաճել Միջին Արեւելքի Իր Երբեմնի Դերը.Վան Մկրտիչեան

Փարիզի  Ահաբեկչութիւնէն Ետք Ֆրանսա Պիտի Փորձէ  Վերանուաճել Միջին Արեւելքի   Իր  Երբեմնի  Դերը.Վան Մկրտիչեան

«Ֆրանսան  հասած է   հանգրուանի մը,  երբ ամէն  գնով պիտի  թէժացնէ   իր մասնակցութիւնը  ISIS-ին դէմ մղուած   պատերազմին»,-   «Արեւելք»ին ըսաւ փարիզիաբնակ  լրագրող Վան Մկրտիչեան: Մկրտիչեան, որ  France 24 կայանի լրագրող է, նկատել տուաւ, որ Ֆրանսայի մղելիք   պատերազմը պիտի ըլլայ զինուորական եւ քաղաքական   ճակատներով: Մեր խօսակիցը  շատ հաւանական նկատեց, որ Ֆրանսա   իր զինուորական  ներկայութիւնը  ամրացնէ      եւ Սուրիոյ մէջ ալ միջամտէ, այդպիսով վերանուաճելով Ֆրանսայի`   Միջին Արեւելքի մէջ ունենալիք նախկին դերը:  Վան Մկրտիչեան նաեւ դիտարկեց, որ  տեղի ունենալիք զարգացումները   անմիջականօրէն   կրնան  առնչուիլ յառաջիկայ ամիս երկրին մէջ կայացուելիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն հետ: Մկրտիչեանի կարծիքով,   Ֆրանսա  դժուար թէ իր ունեցած  ժխտական կեցուածքը վերատեսութեան ենթարկէ   Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Աաստի դէմ, պարզ այն համոզումով, որ իր կարծիքով    «Փարիզ  գիտէ, որ   իսլամիստ ահաբեկիչները չեն կրնար  այսքան արագ  եւ ազատ  շրջագայիլ, եթէ Սուրիոյ իշխանութիւնները        արտօնութիւններ տուած  չըլլան անոնց:    Մկրտիչեան ըսաւ, որ  Փարիզի ահաբեկչութիւնը   այն պահն է, որմէ ետք Ֆրանսա պիտի փորձէ ամէն գնով վերատիրանալ Միջին Արեւելքի  մէջ  հովանաւոր ըլլալու  իր նախկին  դերին: Ան այս առումով  քննադատեց Գերմանիոյ դերը,  նկատել տալով, որ Գերմանիա  վերջին ամիսներուն  կը փորձէ իր ամբողջական տիրապետութեան տակ պահել Եւրոպայի կեցուածքը` կապուած ՝Միջին Արեւելքի  ընդհանուր   կացութեան: Մկրտիչեան,  խօսելով  դէպի  Եւրոպա եւ մասնաւորապէս Ֆրանսա մեծ թիւով   գաղթականներու  ներհոսքին մասին,  ըսաւ. «Անցող ամիսներուն  դէպի Փարիզ    մեծ թիւով    մարդկանց   ներհոսքը   խոր մտահոգութիւն վերածուած էր  ֆրանսացի  պատասխանատուներուն համար»: Նկատել  տալով, որ  հարցի կապակցութեամբ  Գերմանիոյ Գանցլէր Անկէլա Մէրքէլի  կեցուածքները   անընդունելի  են: Ան նաեւ ըսաւ, որ Եւրոպա եւ յատկապէս Փարիզ հասնող   գաղթականները միայն սուրիացիներ չեն,  այլ   անոնց մէջ կան   հպատակութիւն եւ ինքնութեան թուղթեր չունեցող      անօրինականներ: Մկրտիչեան  չբացառեց այն հանգամանքը, որ Փարիզը հարուածած ահաբեկչութիւնը կրնար   նաեւ պատահիլ  առանց   այդ գաղթականներու ներհոսքին, տրուած ըլլալով որ Ֆրանսայի մէջ  քիչ չէ թիւը այն  ապօրինիներուն, որոնք արդէն  տարբեր  բնոյթի հարցեր ունին   ոստիկանութեան հետ:  Ան այս առումով հարց տուաւ, թէ ինչո՞ւ այդ  գաղթականները ձգուած  են իրենց ճակատագրին եւ մինչեւ   ահաբեկչութեան  պատահիլը չեն հետապնդուած: Ան  նաեւ դիտարկեց, որ Ֆրանսայի կառավարութիւնը  վճռած է ամէն գնով  կռուիլ ահաբեկիչներուն դէմ     եւ ատոր  մեծագոյն ապացոյցը  ֆրանսական կործանիչներու այս առաւօտ կանուխ      ISIS-ի Ռաքքայի    մէջ     եղող  դիրքերու դէմ  յարձակումներն են: Ան նաեւ յիշեցուց, որ վարչապետ Մանուէլ Վալսին  համար մեծապէս փոխուած են առաջնահերթութիւնները եւ անոր  կեցուածքները  դարձած են   ազգայնական   մօտեցումներու   տոն  տուող կեցուածքներ: Ան չի բացառեց, որ    ֆրանսայի իշխանութիւնները  հալածեն եւ հետապնդեն այն գաղթականները, որոնք օրինական  փաստաթուղթեր չունին  եւ այդ մարդիկը դուրս պիտի դրուին Ֆրանսայէն:   Մկրտիչեան,  խօսելով Ֆրանսա հասած սուրիահայերուն  մասին,  նկատել տուաւ, որ  Ֆրանսայի ու յատկապէս Փարիզի մէջ կան սուրիահայեր եւ անոնք,  հակառակ  այս դէպքերուն հետ կապ մը չունենալուն,    օրինական փաստաղթութեր չունենալու  հետեւանքով կրնան   Ֆրանսայէն դուրս դրուիլ: Ըստ  Մկրտիչեանի,  «Փարիզը ցնցած  ահաբեկչութիւնը  հետեւանք է երկու հիմնական  պատճառներու, որոնցմէ առաջինը  երկրին մէջ  ի գործ  դրուած ապահովական    միջոցառումներուն ժամանակավրէպ ըլլալն է,  իսկ երկրորդ պատճառը       այն է, որ եղած ահաբեկչութիւնը իր ծաւալով եւ   «թայմինկ»ով աննախադէպ էր»:     Վան Մկրտիչեան ըսաւ, որ  այս գրոհը կը միտէր հարուածել Փարիզի թիւ  10-րդ  շրջանը,  տրուած ըլլալով, որ  այդ շրջանը   վերջերս սկսած է        զարգանալ եւ աճիլ:  Մկրտիչեան նաեւ յայտնեց, որ փարիզցիներու մօտ   շատ   մեծ փափաք կայ  այդ շրջանին մէջ  ապրելու եւ շրջանը   ճանչցուած է, որպէս  խաղաղ եւ  այլ շրջաններու համեմատ  այդ շրջանին մէջ  կան   քիչ թիւով  զբօսաշրջիկներ:   Ան  նաեւ  դիտարկեց,  որ իր  կարծիքով Փարիզի   մէջ  բացայայտ վախի մթնոլորտ   կայ անցնող Յունուարէն սկսեալ, երբ  «Շարլի  Հէպտո» երգիծաթերթի  գրասնեակները յարձակման ենթարկուեցան:  Մկրտիչեան  ըսաւ, որ յատկապէս  երկրի կառավարական մարմինները  միշտ մտահոգուած էին, որ   այդօրինակ յարձակումները կրնան կրկնուիլ: Աւարտին   Վան Մկրտիչեան յառեց, որ   հայերը, ինչպէս Փարիզ  ապրող   բոլոր ազգութիւններէ  բաղկացող  բնակչութիւնը, համահաւասար վտանգի տակ են  եւ     այս   ընդհանուր պատկերին   տակ կարելի է ըսել,  որ  ամբողջ Ֆրանսան վտանգուած է:  Ըստ  Վան Մկրտիչեանի,  իշխող ընկերվարական կուսակցութեան պատասխանատուներ  սկսած են փոխել իրենց  կեցուածքը   ծայրայեղական իսլամներուն    հանդէպ     քան,  ինչ որ  ամիսներ առաջ էր,  երբ նոյն ընկերավարականները  ծայրայեղակններուն հանդէպ աւելի     հանդուրժողական կեցուածքներով հանդէս կուգային:

 

 Զրուցեց ՝ Ս. Ա.