image

Պէյրութը դարձեալ լարուած. Կարգ մը շրջաններու մէջ բախումներ

Պէյրութը  դարձեալ  լարուած. Կարգ մը շրջաններու մէջ բախումներ

 Պէյրութի կարգ  մը  շրջաններ   դարձեալ   բախումներու  թատերաբեմ   դարձած են։

 

 Այս մասին լուր   հաղորդող  կայաններ նշած  են,  որ   անվտանգութեան մարմիններու եւ ցուցարարներու միջեւ բախումներ գրանցուած են   մասնաւորապէս Պէյրութի   «Քորնիշ   մազրահա», «Վէրտան» եւ «Հաիշա   պաքքար»       շրջաններուն   մէջ։

 

  Ըստ  «Էլ. Պի. Սի. Այ.»  կայանին     Հասսան  Տիապի    վարչապետ  նշանակման  դէմ բողոքող  ցուցարարներ,     պայթուցիկ նիւթեր  նետած են  բանակային ուժերուն դէմ։

 

   Անվտանգութեան մարմիններ, որ մինչեւ երեկոյեան ուշ  ժամեր  փորձած են  խաղաղ  միջոցներով        վերահսկողութեան տակ  պահել      այդ շրջանները   աւելի  ուշ  ստիպուած եղած են    արցունքաբեր  կազ արձակել   ցուցարարներուն ուղղութեամբ։ Ի դէպ     ցոյցերու   սաստկացման հետ  նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի  գրասենեակը  հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով     կոչ  ուղղած է ցուցարարներուն  անմիջապէս  քաշուիլ  փողոցներէն   եւ հեռու մնալ  խռովարար   վարմունքէ։

 

 

    «Էլ. Պի. Սի. Այ.»  կայանը նոյնպէս  հաղորդած է, որ բախումներուն հետեւանքով   կարգ մը անձեր վիրաւորուած են  ու նկատուած է  նաեւ, որ ցուցարարները  կը վանկարկեն    Հարիրիի անունը   ըսելով, որ  եղած նոր նշանակումը անարդար է եւ միայն   Հարիրին է, որ   պիտի կարողանայ  բարւոք  լուծումներ ապահովել Լիբանանի մէջ  սուր  բնոյթ   ստացած  տագնապին։

 Կը  նշուի նաեւ, որ   հակառակ  բախումներու նուազման, մինչեւ այս պահը  լարուած  իրավիճակ կը տիրէ   յատկապէս «Ապտըլ  Նասէր»  մզկիթի  շրջակայքը։