Լիբանանի լրատուական ազգային գործակալութիւնը յայնտած է, որ Համատ փողոցի վրայ բախում տեղի ունեցած է «Մուսթաքպալի» եւ «Ալ Մաշարիհ» միութեան համակիրներուն միջեւ:
Մանրամասներուն անդրադառնալով, աղբիւրը նշած է, թէ «Ալ Մաշարիհ»ին պատկանող ինքնաշարժ մը Համատ փողոցով երթեւեկած ժամանակ երբ հասած է Մուսթաքպալի գրասենեակին մօտ, բախում առաջացած է կողմերուն միջեւ, որ զոգորդուած է կրակոցներով եւ աւարտած ոստիկանական ուժերու ժամանումով:
«Մուսթաքպալ»ի հրապարակած յայտարարութեան համաձայն, բախումը տեղի ունեցած է նախընտրական քարոզարշաւի ծիրին մէջ, որ զարգանալով վերածուած է կրակոցներու եւ քարկոծման, կան վիրաւորներ: Բախումէն ետք Պըրժ Ապի Հայտարի մէջ «Մուսթաքպալ»ի ընտրատարածքը նոյնպէս յարձակման ենթարկուած է: