Պէյրութէն սփռուող «Ռատիօ Սեւան»ը կը նշէ իր հիմնադրութեան 8-րդ տարեդարձը: Կայանը, սփիւռքի միակ հայկական ռատիօկայնն է, որ բացառապէս հայերէն յայտագրեր եւ երգեր կը սփռէ: Քաղաքական, ընկերային, հոգեբանական, մշակութային, մանկապատանեկան եւ այլ յայտագիրներով հարուստ ռատիոն լսելի է նաեւ Երեւանի, Արցախի եւ համացանցի ճամբով ամբողջ աշխարհի մէջ (www.radiosevan.com): Կայանին գլխաւոր պատասխանատու խբագրի պաշտօնը կը վարէ Տիկ. Վերա Սիսեռեան իսկ տնօրէնի պաշտօնը ՝ Տիար Միքայէլ Վայէճեան: