Երէկ Պէյրութը ցնցած ականի պայթումը վստահաբար նոր փուլի մը սկիզբն է: Ամերիկեան ելեւմտական բարձրագոյն մարմիններու ճնշումները սկսած են «ազդեցութիւն» տալ: Լիբանանի քաղաքական կեանքի գլխաւոր ներկայացուցիչներէն համարուող երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ կը դատապարտէր եղածը եւ կը յայտարարէր, թէ այս արարքէն միակ օգտուողը Լիբանանի թշնամի Իսրայէլն է: Տիւրզի ղեկավարը նաեւ դիտել կու տար, որ նման արարքները կը վնասեն «Հըզպալլա»ին:
Նշենք, որ պայթումը տեղի ունեցած էր Պէյրութի կեդրոնական Վէրտէն թաղամասի BLOM դրամատան մօտ: Նոյն դրամատունը օրեր առաջ փակած էր «Հըզպալլա»ի անդամներու կամ կուսակցութեան հետ կապ ունեցողներու շուրջ 100 դրամատնային հաշիւ:
Լիբանանի դրամատնային ոլորտը, որ կարեւոր ելեւմտական ցանց կը համարուի, մեծ ճնշումներու կ'ենթարկուի պատիժներ տնօրինելու «Հըզպալլա»ին դէմ: Ամերիկեան բարձրագոյն մարմիններ վճռած են ամէն գնով եւ այս անգամ նիւթական ճնշումներով «ծունկի բերել» «Հըզպալլա»ն:
Նոյն տրամադրութիւնները կը տիրեն նաեւ իսրայէլեան ճակատին վրայ: Մինչ իսրայէլեան բանակը 2006-ին տեղի տուաւ «Հըզպալլա»ի դիմադրողական ուժին առջեւ, այսօր ներքին քաղաքական մեծ խնդիրներու առջեւ յայտնուած Իսրայէլի վարչապետ Բէնիամին Նաթանիահու սկսած է հաւատալ, որ Իրանի անմիջական նեցուկը վայելող «Հըզպալլա»ն կարելի է ընկճել ոչ զինուորական միջոցներով, որոնց առաջին փուլը կը թուի, թէ սկիզբ առած է եւ նպատակ կը հետապնդէ ճնշումներ բանեցնել Պէյրութի դրամական դաշտին վրայ:
Այս բոլորէն անդին քաղաքականապէս բաւական խախուտ իրադրութեան մէջ եղող պէյրութեան թատերաբեմը կրնայ յաւելեալ ճնշումներ կրել տրուած ըլլալով, որ երկրի միւս բաղկացուցիչ սիւննի կողմը մեծապէս դժգոհ է «Հըզպալլա»ի ընդհանուր վարմունքէն ու յատկապէս, անոր Սուրիոյ պատերազմին աշխուժ մասնակցութիւնէն:
Էական հարցումը հետեւեալն է, արդեօ՞ք Լիբանանի դրամատնային ոլորտը պիտի վնասուի: Երկիր մը, որուն վերջին երկու յենարանները անոր ազատ շուկայական հիմունքներով գործող դրամատնային ոլորտն ու միակամ բանակն է՝ այսօր յայտնուած է լուրջ հարցադրումներու առաջ: